2013-09-09 13:20:23

Ծերակոյտը Այսօր Սուրիոյ Դէմ Հարուածի Հարցով Քննարկում Կը Կատարէ. Ասատ. «Մեր Դաշնակիցները Պիտի Հակադարձեն, Եթէ Սուրիոյ Դէմ Յարձակում Շղթայազերծուի»


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 07:00-ին պիտի քննարկէ Սպիտակ տան Սուրիոյ դէմ 60 օր տեւողութեամբ զինուորական հարուած հասցնելու արտօնութիւն տալու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբին պատրաստած բանաձեւին շուրջ: Նշենք, որ բանաձեւը յանձնախումբին մէջ որդեգրուած էր 10 թեր եւ 7 դէմ քուէներով: Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ Ներկայացուցիչներու տունը Սուրիոյ հարցին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ յառաջիկայ 2 շաբթուան ընթացքին:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը Սուրիոյ դէմ հարուածին հրամանը պիտի տայ Ծերակոյտին կողմէ քուէարկութեան աւարտէն անմիջապէս ետք` առանց սպասելու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ հրէական լոպին Քոնկրեսին վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ, որպէսզի Սուրիոյ դէմ հարուածին թեր քուէարկէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քոնկրեսին մէջ Սուրիոյ դէմ հարուածի հարցին նկատմամբ ուղղուածութիւնը մինչեւ հիմա դրական կը թուի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շաբաթ օր ընդգծեց, որ Օպամա Սուրիոյ դէմ հարուածներ հրամայելու լիազօրութիւնը ունի, նոյնիսկ եթէ Քոնկրեսը որոշէ անոր կանաչ լոյս չտալ: Նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին շաբաթ օր Քոնկրեսին կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ հարուածին աջակցելու` զգուշացնելով քիմիական զէնքերուն ահաբեկիչներուն ձեռքը անցնելէն, մանաւանդ որ անոնք այդ զէնքերը կրնան Ամերիկայի դէմ օգտագործել:
«Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ձեռնարկած է Եւրոպական Միութեան, սուրիացիներուն եւ իրանցիներուն հետ հաղորդակցութեան արշաւի մը` ջանալով Սուրիոյ դէմ յարձակումը կանխարգիլել: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքէջը իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդը երէկ Փութինի քայլերը քննարկած է: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին աշխուժ հաղորդակցութիւններ կը կատարէ Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ դէմ հարուած հասցնելու համոզելու համար:
Ամերիկեան զինուորական աղբիւր մը «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ ըստ նախնական ծրագիրին, Սուրիոյ դէմ ամերիկեան գործողութիւնները պիտի տեւեն 3 օր: Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն հարուածներ հասցնել Սուրիոյ մէջ գտնուող նշանակէտներուն եւ կրկնել այդ հարուածները, եթէ առաջին հարուածներու ընթացքին նշեալ 50 թիրախները ոչնչացնել անկարելի ըլլայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.