Զարիֆ. «Ամէն Ջանք Կը Թափենք Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կանխարգիլելու Համար»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ բուռն կերպով դատապարտեց քիմիական
զէնքի օգտագործումը, որ կողմէն ալ որ ըլլայ անիկա` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով Սուրիոյ
տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծելու: Ան իրաքցի իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ
ասուլիսի մը ընթացքին շրջանին մէջ պատերազմներու վերսկսումը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը
շեշտեց` յայտարարելով, որ «մեր ամբողջ ջանքը կը թափենք Սուրիոյ դէմ յարձակում մը կանխարգիլելու
համար, որովհետեւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն պատերազմի սկսիլ, անոր վերջ տալու կարողութիւնը
չունին»: Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի իր կարգին «բուռն կերպով» դատապարտեց
Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը` ընդգծելով, որ «իրաք Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակումի
մեկնակէտ պիտի չըլլայ»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ հարուածը դրացի երկիրներուն, ներառեալ`
Իրաքի վրայ պիտի ազդէ: