2013-09-09 13:32:54

ԱՄՆի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հակառակ Են Ամերիկիոյ Զինեալ Միջամտութեան Սուրիոյ Դէմ` Զինուորական Գործունէութիւնը Միմիան Կարող Է Բարդել Հարցերը։


ԱՄՆի կաթողիկէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահ եւ Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոս` Տիմոթի Տոլան Կարտինալի գնահատումով Սուրիոյ դէմ զինեալ միջամտութիւնը անպտուղ է եւ պիտի ծառայէ միմիայն հարցերը բարդելու։ Ան պատասխանելով Ամերիկեան Սան Լուի KSDK.com հեռուստատեսիլի հարցումներուն յայտնեց որ անձամբ նամակ մը յղած է նախագահ Օպամային զայն հրաւիրելով խոհեմութեամբ գործելու։ Մեր այս պատգամը սրտէն կը բխի ու կ'արձագանգէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողբերգական կոչին։ Քահանայապետը բոլորին անունով խօսեցաւ։ Ան խստիւ դատապարտեց քիմէական զէնքերու գործածութիւնը, ոճիր մը որ պէտք է խստիւ պատճել, սակայն Սուրիոյ դէմ զինուորական գործունէութիւն մը կատարելը կարող է միմիայն հարցերը բարդել։








All the contents on this site are copyrighted ©.