2013-09-09 12:21:55

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Հիմնադրամը Սուրիահայերուն Համար Շէնքեր Կը Կառուցէ Հայաստանի Մէջ


«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օգնութիւնը ցուցաբերել սուրիահայերուն` այս անգամ փորձելով պետական աջակցութեամբ` հայրենիք վերադարձած սուրիահայերը ապահովել բնակարաններով:
Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Խաչիկ Ճոզիկեան նշեց, որ իրենք ձեռնամուխ եղած են սուրիահայերուն համար երկու բազմաբնակարան շէնքերու կառուցման եւ արդէն իսկ կը նախագծեն երրորդ շէնքը նոյնպէս ընդգրկել ծրագիրին մէջ, իսկ բնակարանները պիտի տրուին շուկայականէն 50 առ հարիւր նուազ գինով:
«Հիմա երրորդ շէնքի կառուցման մասին կը մտածենք, երկու շէնք կառուցելու ծրագիր ունինք, շէնքերէն մէկը պիտի կառուցուի Դաւթաշէնի մէջ, իսկ երկրորդը` Աջափնեակի մէջ», ըսաւ ան:
«Ընդհանուր առմամբ, նախնական ծրագիրով պիտի կառուցուի մօտ 100 բնակարան, որոնց գիները մատչելի պիտի ըլլան: Գումարին հիմնական մասը բարեգործական ծրագիրին շնորհիւ է, եւ այդ առաւելութիւնը, որ կառավարութիւնը տուաւ հարկերէն ազատ կացուցելու մասով, կը նշանակէ, որ բնակարանի գիները սուրիահայերուն պիտի տրուին շուկայականի կէս գինին համարժէք», նշեց ան:
Բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամը վստահեցուց, որ բնակարաններու յանձնման հարցը խիստ վերահսկողութեան տակ է, եւ պիտի տրուի միմիայն սուրիահայերուն: Ըստ անոր, արդէն իսկ արձանագրուածներ կան, մաս մըն ալ կը տեղեկացուի ծրագիրին մասին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ուրկէ՞ գումարներ հայթայթած են, Խաչիկ Ճոզիկեան ըսաւ, որ անոնց մէկ մասը հողի ինքնարժէքի ծախսը փակելու եւ այլ բաներու համար բարերարները աջակցած են, իսկ մնացածը սուրիահայերու նախապէս վճարած գոմարներն են, ինչպէս նաեւ քիչ չեն ժողովուրդի օգնութեամբ հաւաքուած գումարները:







All the contents on this site are copyrighted ©.