2013-09-08 13:02:41

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 8 Սեպտեմբերի Արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 8 սեպտեմբերի կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր Իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր Յիսուս կը խօսի Իրեն աշակերտելու պայմանի մասին որ է ''Ոչ մի բան նախընտրել Յիսուսի սիրոյն եւ խաչը կրել ու Իրեն հետեւիլ''։ Յիսուսի հետեւիլ չի նշանակեր ''յաղթական արշաւի'' մասնակցիլ այլ կը նշանակէ բաժնեկցիլ Յիսուսի գթասիրտ սէրը ու մտնել Յիսուսի այն մեծ բարեգութ ծրագիրին մէջ որ պատրաստուած է ամէն մէկ անհատի համար եւ բոլոր մարդկութեան։ Յիսուսի աշակերտը կը հրաժարի որեւէ սեփական բարիքէն որովհետեւ Անոր մէջ կը գտնէ ամենամեծ բարիքը - ըսաւ նորին Սրբութիւնը ու ապա ակնարկեց Յիսուսի երկու առակներուն` առաջինը աշտարակի շինարարութեան առակը ու երկրորդը պատերազմի պատրաստուող թագաւորի առակը։
Յիսուս այս երկրորդ արակին մէջ չ՛ուզէր պատերազմի նիւթին մասին խօսիլ - ըսաւ Քահանայապետը - բայց այս ժամանակահատածուին մէջ ուր կ՛աղօթենք խաղաղութեան համար Տիրոջ այս խօսքերը մեզի մօտէն կը դպչին։ Յիսուս կ՛ըսէ աւելի մեծ պատերազմ մը կայ որ պէտք ենք մղել, ամէնքս։ Զօրաւոր եւ քաջ որոշումն է չարէն հրաժարելու եւ ընտրելու Բարին։ Հետեւիլ Յիսուսին կը նշանակէ կրել սեփական խաչը եւ ո՛չ ըսել եղբայրասպան ատելութեան, բռնութեան, զէնքերու տարածման եւ անոնց ապօրինի առեւտուրին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ վերյիշեց Աստուածամօր ծննդեան տօնը ու Անոր հովանիին յանձնեց աշխարհի խաղաղութեան աղօթքը, յատկապէս Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին ֆարնչիսկոս Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ընդառաջեցին ծոմի եւ աղօթքի երեկոյթին յիշեցնելով թէ յանձնառումը կը շարունակուի եւ թէ հարկ շարունակել աղօթքը որպէսզի դադրին բռնութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ եղբայրասպան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար լուծում մը գտնուի։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ խնդրեց աղօթել նաեւ Միջին Արեւելքի միւս երկիրներուն համար նշելով Լիբանանը, Իարգը, Իսրայելը եւ Պաղեստինը ինչպէս նաեւ Եգիպտոսը, յոյս յատնելով որ քրիստոնեաներն ու իսլամները միասնաբար յանձնառու ըլլան կերտելու խաղաղութիւնը որուն փնտռտուքը երկարատեւ է եւ համբերութեան եւ յարատեւութեան կը կարօտի ։
Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ վերյիշեց Րովիկոյի մէջ տեղի ունեցած երանելի Մարիա Պոլոնիէզիի երանացման արարողութիւնը ապա ողջունեց ս Պետրոսի հրապարակը գտնուող զանազան խումբերը ու բոլորին մաղթեց բարի կիակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.