Տէրունական կը կոչուին այն կիրակիները եւ տօները՝ որոնք կը յիշատակեն խորհուրդներ ու
դէպքեր առնչուած Ամենասուրբ Երրորդութեան Անձերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչի, Ս. Եկեղեցւոյ.
նոյնպէս Ս. Աստուածածնի տօները Տէրունական են՝ Տիրամօր ամէնանձուկ աղերսին համար հանդէպ
Քրիստոսի կեանքին եւ խորհուրդներուն: Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ Վերափոխման տօնը ա՛լ աւելի
հանդիսաւոր կը դարձնէ իննօրեայ տօնախմբութեամբ և կը ճոխացնէ շարականներով և գանձերով:
Ամէնօրեայ պատարագի ընթացքին կը կարդացուին Աւետման, Ծննդեան, Եղիսաբեթի այցելութեան
դրուագները: Զմմառու վանքը անուանակոչուած ըլլալով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման, Ս. Պատարագ
կը մատուցէ տարուան Աստուածածնայ նուիրուած բոլոր տօներուն. Աւետում՝ Մարտ 25, Ծնունդ
Ս. Կուսին՝ Սեպտեմբեր 8, Ընծայում Ս. Աստուածածնի՝ Նոյեմբեր 21, Անարատ Յղութիւն Կուսին՝
Դեկտեմբեր 9: Կիրակի 8 Սեպտեմբերին (2013) տօն է Ծննդեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի: