2013-09-07 09:12:56

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Խաղաղութեան Թուիթները։


''Խաղաղութեան Համար Աղօթեցէք''

Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 7 սեպտեմբերի կէսօրին հրատարակած թուիթը, ի պատրաստութիւն շաբաթ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի հսկումին։

Յայտնենք որ Նորին Սրբութեան անցեալ կիրակի 1 սեպտեմբերին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին կոչ ուղղած էր ''երկխօսութեան'' ճամբով լուծելու Սուրիական ճգնաժամային տագնապը եւ հրաւիրած էր քրիստոնեայ աշխարհը աղօթքի եւ ծոմապահութեան երեկոյթին Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս, 7 սեպտեմբերին։ Վերոյիշեալ հրաւէրին ընդառաջեցին նաեւ քոյր եկեղեցիներն ու այլ կրօնի պատասխանատուներ որ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը կազմակերպեն խաղաղութեան ի սպաս արարողութիւններ։

1 սեպտեմբերէն ասդին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց խաղաղութեան հայող թուիթներ։

Արդարեւ 6 սեպտեմբերի հրատարակուած թուիթները եղան`

''Խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումի շղթայ մը թող միացնէ բոլոր բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները''

Խաղաղութիւնը ''բարիք'' մըն է որ կը գերազանցէ ամէն պատնէշ, որովհետեւ ան կը պատկանի համայն մարդկութեան։

''Սիրելի երիտասարդներ` իմ հետս աղօթեցէք աշխարհի խախաղութեան համար''։

5 սեպտեմբերին քահանայապետական թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցան հետեւեալ թուիթերը.

''Ամբողջ ուժովս հակամարտող կողմերէն կը խնդրեմ որ իերնց սեփական շահերով հետամուտ չ՛ըլլան''։

4 սեպտեմբերին թուիթն էր ''Թող համայն աշխարհի մէջ բարձր հնչէ խաղաղութեան աղաղակը''

3 սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը գրեց.

''Հաստատակամութեամբ կը դատապարտեմ Քիմիական զէնքերու գործածութիւնը''

Եւ

''Կ՛ուզենք որ խաղաղութիւնը ժայթքէ մեր այս ընկերութեան մէջ որ յօշոտուած է բաժանումներէ եւ ընդհարումներէ։''

2 սեպտեմբերին հրատարակուեցան հետեւեալ թուիթները

''Որքա՜ն տառապանք որքա՜ն փլուզում, որքա՜ն վիշտ պատճառեց ու կը պատճառէ զէնքերու գործածութիւնը''

''Խաղաղ աշխարհ մը կ՛ուզենք եւ կ՝ուզենք ըլլալ խաղաղութեան այրեր ու կիներ''։

Մինչ մէկ սեպտեմբերին թուիթն էր

Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւն աշխարհի եւ ամէն մէկ անհատի սրտին։











All the contents on this site are copyrighted ©.