2013-09-07 10:40:48

Օպամա Երեքշաբթի Օր Ուղերձ Մը Պիտի Յղէ Ամերիկացի Ժողովուրդին. Փութին Եւ Օպամա Կառչած Կը Մնան Սուրիոյ Հարցով Իրենց Կեցուածքներուն


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Քսաններու խմբակի ղեկավարները Սուրիոյ հարցով գրեթէ հաւասար երկու մասի բաժնուած են: Ժողովի փակումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ դէմ որեւէ զինուորական հարուածի դէմ է եւ պետութիւններու մեծամասնութիւնն ալ անոր դէմ է, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու պապը»: Ան ըսաւ, որ գերիշխանութեան տէր պետութեան մը դէմ ուժի օգտագործումը անընդունելի է, իսկ ան որ ինքնագլուխ կերպով կը վարուի, միջազգային օրէնքէն դուրս կու գայ:
Փութին յայտնեց, որ ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որ սիրալիր եւ դրական էր, «սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրս իր կարծիքին վրայ մնաց»` նշելով, որ «սուրիական հարցով որեւէ մերձեցում չեղաւ, սակայն երկխօսութիւնը կը շարունակուի. երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպում պիտի ունենան»:
Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը արտաքին միջամտութիւն ապահովելու համար էր, եւ «Ռուսիա Սուրիոյ պիտի օժանդակէ, ինչպէս որ հիմա կ՛ընէ, մասնաւորաբար մարդասիրական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան կողքին զէնքեր կը տրամադրէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին ժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ղեկավարներ Ասատի վարչակարգը հաշուետուութեան կանչելու կարեւորութիւնը կ՛ընդունին: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելը միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան, Սուրիոյ դրացիներ Յորդանանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կայունութեան կը սպառնայ»:
Օպամա յայտարարեց, որ երեքշաբթի օր Սուրիոյ հարցով ուղերձ մը պիտի յղէ ամերիկացի ժողովուրդին: Նշենք, որ Քոնկրեսը երեքշաբթի օր Սուրիոյ զինուորական հարուած հասցնելու վարչակազմին դիմումին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ:
«Թունաւոր կազերէն աւելի քան 1400 անձ սպաննուեցան եւ անոնց աւելի քան 400-ը մանուկներ էին, ասիկա կացութիւն մըն է, որ մենք չհնարեցինք: Կարելի չէ ըսել, որ զայն հնարեցինք, որպէսզի պատերազմի դիմենք: Ամերիկայի նախագահ ընտրուեցայ պատերազմները կասեցնելու համար, ոչ թէ զանոնք շղթայազերծելու: Գոյութիւն ունին պահեր, երբ մեր համոզումներուն համար դժուար ընտրութիւններ պէտք է կատարենք. ասիկա այդ պահերէն մէկն է», ընդգծեց Օպամա:
Խօսելով Փութինի հետ իր հանդիպումին մասին` Օպամա ըսաւ, որ Սուրիոյ թղթածրարին շուրջ զրոյցը անկեղծ ու շինիչ եղած է, եւ «չէի նախատեսեր, որ անոր հետ Սուրիոյ հարցով նոյն կարծիքին ըլլամ»` աւելցնելով, որ «Փութինի հետ համաձայնեցայ, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը միայն քաղաքական փոխանցման ճամբով է»:
Սպիտակ տան ղեկավարը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնը «ժամանակի եւ տարողութեան առումով սահմանափակ պիտի ըլլայ»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան դիմելու համար Քոնկրեսէն լիազօրութիւն ապահովելու հարցին մէջ դժուարութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ «այսպիսի միջամտութիւնները միշտ ալ ժողովրդականութիւն չեն վայելեր եւ փափաքելի չեն ըլլար»:







All the contents on this site are copyrighted ©.