2013-09-07 09:37:44

Փութին Կը Խոստանայ Սուրիոյ Օժանդակել


Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած «Քսաններու խմբակ»ի վեհաժողովի փակման նիստը յատկանշուեցաւ Սուրիոյ տագնապին մասին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներուն արտասանած հակադիր յայտարարութիւններով: Արդարեւ, նախագահ Պարաք Օպամա նախ կրկնեց, թէ «քիմիական զէնքի օգտագործման հակադարձութիւնը ժամանակի եւ տարողութեան առումով սահմանափակ պիտի ըլլայ»՝ պնդելով, թէ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ «քիմիական զէնքի օգտագործումը ամբողջ միջազգային ապահովութիւնը կը վտանգէ, այլ ոչ թէ միայն Սուրիոյ»: Ան նաեւ խոստացաւ ամերիկեան «ուժեղ հակադարձութեան» մասին Երեքշաբթի օր ամերիկացի ժողովուրդին ուղերձ մը յղել:
Իր կարգին, Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ եթէ Սուրիա յարձակումի ենթարկուի, ապա «պիտի օգնենք Սուրիոյ, ինչպէս հիմա կ՛օգնենք՝ տրամադրելով ռազմական, մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւններ»:
Ըստ Փութինի՝ «Քսաններու խմբակ»ի ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը Սուրիան հարուածելու քայլին դէմ է: Ան ըսաւ, որ պետութեան մը դէմ ուժի կիրարկումը անընդունելի է, իսկ ան, որ ինքնագլուխ կերպով կը վարուի, միջազգային օրէնքէն դուրս կու գայ: Փութին նաեւ ազդարարեց, թէ Միջին Արեւելքի կացութեան վատթարացումը միջազգային տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»:
Փութին նաեւ Սուրիոյ դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմութիւնը ամբաստանեց քիմիական զէնք գործածելու յանցաննքով եւ աւելցուց, թէ անոնք այդ քայլին դիմած են՝ արտաքին միջամտութեան մը պատրուակ ստեղծելու նպատակով:
Նախապէս Փութին եւ Օպամա երկկողմանի հանդիպում մը ունեցած էին՝ քննարկելով Սուրիոյ հարցը: Անոնք համաձայնած էին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութեանց միջեւ Սուրիոյ հարցով խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Փութին ըսաւ, որ Օպամայի հետ հանդիպումին ընթացքին, «իւրաքանչիւրս Սուրիոյ վերաբերեալ իր կեցուածքին կառչած մնաց»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգները զգուշացուց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցները հարուածելէ՝ միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով «Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան խորհրդանիշ Մաալուլայի դէմ ահաբեկիչներու յարձակումին» առնչութեամբ:
Իսկ Սուրիոյ մէջ, նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական հարցերու խորհրդական Պուսայնա Շաապան Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածները արդարացնելու համար սուտեր հնարելու յանցանքով, «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Նաեւ, իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը հաղորդեց, որ «Քսաններու խմբակ»ի վեհաժողովին ընթացքին ի յայտ եկած է, որ միջազգային կեցուածքը աւելի մօտ է Փութինի կեցուածքին:
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փութինի այն յայտարարութենէն ետք, որ Սուրիոյ մէջ «Քայիտա»ի դերակատարութեան հարցով նախարար Ճան Քերի կը ստէ, Քերին «քունը չէ փախցուցած»՝ առանց սակայն հերքելու Փութինի պնդումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.