2013-09-07 10:22:08

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Ուրուկուէյի «Արաքս» Հայկական Ռատիոկայանի Տնօրէնը


Երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ուրուկուէյի «Արաքս» հայկական ռատիոկայանի տնօրէն՝ պրն. Տիեկօ Գարամանուկեանը։
Հանդիպումը միաժամանակ առիթ հանդիսացաւ շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը տուաւ Ուրուկուէյի հայութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ծրագրուած եւ յատկապէս Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն ու միջոցառումներուն։ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խոնարհ եւ աղքատասէր տիպարին եւ անոր իւրայատուկ կեցուածքներուն Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.