2013-09-07 09:33:23

«No War In Syria». Երեւանի Մէջ Սուրիացիներուն Աջակցող Հաւաք


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նախախորհրդարան»ի անդամները 6 Սեպտեմբերին հաւաքուած են Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան առջեւ՝ աջակցութիւն յայտնելու Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայերուն: Բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին «Նախախորհրդարան»ի անդամներ Տիգրան Խզմալեանը եւ Գարեգին Չուգասզեանը կարդացած են նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են սուրիացիներուն եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջած են ապահովել սուրիահայերը անվտանգ տարհանումն ու տեղափոխումը Հայաստան, ապա հայրենիքին մէջ ապահովել անոնց բնակութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները՝ բնակարան, սն-ունդ, եւ այլն:
«Նախախորհրդարանը դատապարտում է Սիրիայում ռազմաքաղաքակական իրավիճակի սրացմանն ուղղուած քայլերը, իսկ հայութեանը կոչ է անում գործել ազգային շահի գերակայութեան գիտակցմամբ եւ համազգային ինքնակազմակերպման միջոցով ապահովել սիրիահայութեան տարհանումը դէպի հայրենիք», յայտնած է Գարեգին Չուգասզեան:
Զօրակցութեան հաւաքին մասնակիցները կը կրէին Հայաստանի դրօշներ եւ «No war in Syria» գրութեամբ պաստառներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.