ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 5 Սեպտեմբերին Երեւանէն, մարզերէն ու Սփիւռքէն գրողներ ու մտաւորականներ,
հասարակական-քաղաքական գործիչներ հաւաքուած էին Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ՝ վերջին
հրաժեշտ տալու Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Գրողներու
միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին: Հոգեհանգստեան կարգէն ետք Լեւոն Անանեանին յուղարկաւորութիւնը
տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան պանթէոնին մէջ: Յուղարկաւորութեան արարողութեան
կը մասնակցէր նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Գրողներու միութենէն հարիւրաւոր մարդիկ
Բաղրամեան պողոտայով ուղղուեցան պանդէոն՝ ցաւի ու ափսոսանքի զգացումով: Երեւանն ու ողջ
Հայաստանը այսպիսով կորսնցուց Լեւոն Անանեանի կենսուրախութիւնն ու ստեղծագործական, կազմակերպչական
ջիղը: