2013-09-06 10:36:11

Շաապան. «Ընդդիմութիւնը Ղութայի Մէջ
Քիմիական Զէնք Օգտագործեց Լաթաքիայէն
Իր Առեւանգած Մանուկներուն Դէմ»


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական խորհրդական Պուսայնա Շաապան Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածները արդարացնելու համար սուտեր հնարելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ ամբաստանեց ընդդիմութիւնը Լաթաքիոյ գիւղերէն մանուկներ առեւանգելով Ղութայի մէջ զանոնք քիմիական զէնքի միջոցով սպաննելու յանցանքով:
Ան «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը 21 օգոստոսին 1400 զոհ պատճառած յարձակումին պատասխանատու չէ, այլ ընդդիմութիւնն էր, որ Լաթաքիայէն մանուկներ առեւանգեց եւ զանոնք Ղութա բերելով քիմիական զէնքի օգտագործումով սպաննեց:
Շաապան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ մէջ զէնքերու պահեստանոցները պիտի հարուածեն, ճիշդ ինչպէս կ՛ըսէին, թէ Իրաքի զանգուածային քանդումի զէնքերու կեդրոնները պիտի հարուածեն:
Ան ըսաւ, որ «ասիկա հարուած չէ», այլ` միջազգային բոլոր օրէնքներուն, ՄԱԿ-ի ուխտին դէմ եղող բռնարարք մը, որ անարդարանալի է եւ որեւէ դրդապատճառ չունի:
Շաապան ըսաւ, որ անոնք, որ բռնարարքը գործելու կը դրդեն, անոնք են, որոնք «Ժընեւ-2»-ի գումարումը եւ Սուրիոյ տագնապի լուծումը արգիլեցին, որովհետեւ իրենք էին, որ զայն յառաջացուցին:







All the contents on this site are copyrighted ©.