2013-09-06 10:35:35

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մահափորձէ Մը Կը Փրկուի


ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին, Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Իպրահիմը թիրախ դարձուցած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումին պատճառով արձանագրուած են 21 վիրաւորներ, որոնցմէ 11ը՝ ոստիկաններ: Նախարարը անվնաս փրկուած է պայթումներէն: Եգիպտոսի ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, թէ նախարարին դէմ յարձակումին մասնակից երկու զինեալներ սպաննուած են, իսկ Գահիրէի մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուած են եւ դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն առաջնորդող բոլոր ճամբաները փակուած:







All the contents on this site are copyrighted ©.