2013-09-05 14:40:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Նախագահ Փութինին Ուղղած Նամակը G20 -ի Վեհաժողովին Առթիւ։


Սան Բիէդրոպուրկի մէջ գումարուած G20 -ի վեհաժողովին առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Համաժողովի 2013 տարերշրջանի նախագահ` Տիար Վլատիմիր Բութինին որուն մէջ անդրադարձած է համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամային տագնապի մասին հաստատելով որ ''համաշխարհային տնտեսութիւնը կրնայ զարգանալ այն չափով որքան կարող է ամէն մէկ անհատի ապահովցնել արժանավայել կեանք մը, սկսեալ ամէնէ ծերերէն մինչեւ ամէնէ փոքրիկն ու սաղմը եւ ոչ միայն G20-ի երկիրներուն մէջ ապրողներուն այլ երկրի ամէն մէկ բնակիչին, նոյնիսկ անոնց որոնք կ՛ապրին աշխարհի ամենահետին վայրերուն մէջ''։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկած է ապա զինեալ բախումներուն որոնք արգելք կը հանդիսանան միջազգային ներդաշնակութեան ու կը յառաջացնեն բաժանումներ եւ խոր վէրքեր որոնց բուժումը երկար ժամանակի կը կարօտի։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ցաւով յայտնած է թէ ''սուրիական հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր է մասնակի շահերու գերակշռութեան պատճառաւ անկարելի եղաւ լուծումի յանգիլ եւ խուսափիլ անօգուտ ջարդէն որուն ականատես կ՛ըլլանք։ Ան ապա կոչ ուղղած է G20-ի երկիրներու ղեկաւարներուն անշարժ չմնալու երկար ժամանակէ ի վեր սուրիոյ բնակչութեան ապրող տարապանքին ի տես, որ կրնան նոր տառապանքներ յառաջացնել տարածաշրջանի մը մէջ որ խաղաղութեան կը կարօտի։

Բոլորին եւ իւրաքանչիւրին սրտաճմլիկ կոչ կ՛ուղղեմ - գրած է քահանայապետը իր նամակին մէջ - որպէսզի աշխատին լուծումներ գտնել գերազանցելու տարբեր հակասութիւնները եւ կասեցնելու ռազմական միջամտութիւնը։ Թող ընդհակառակն` յառաջանայ նոր յանձնառութիւն մը քաջութեամբ եւ վճռակամութեամբ հետապնդելու խաղաղ լուծում մը հակամարտող կողմներու միջեւ երկխօսութիւն եւ բանակցութիւն հաստատելով, միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ։

Միւս կողմէ աշխարհի բոլոր կառավարութիւններու բարոյական պարտականութիւնն է աջակցիլ մարդասիրական որեւէ նախաձեռնութեան որ կը նպաստէ բոլոր անոնց որ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ՝ ըլլայ իրենց երկրէն ներս ըլլայ երկրէն դուրս։

Սրբազան Հայրը արդ նամակը կ՛եզրափակէ յոյս յայտնելով որ իր նամակին մէջ ներփակուած խորհրդածութիւնները հոգեւոր նպաստ մը ըլլան G20-ի վեհաժողովին ու ապա բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար







All the contents on this site are copyrighted ©.