2013-09-05 10:20:35

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Լիբանանու Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին։


Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միքաթիի հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք` կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա, ինչպէս նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Հասսան Տիապ, Ուալիտ Տաուք եւ Ահմետ Քարամէ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը գիտակցին Միքաթիի ստանձնած ծանր բեռին եւ կ՛ողջունեն անոր համբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բաժնեն անոր մտահոգութիւնը` Լիբանանի ճակատագիրին վերաբերեալ, նկատի ունենալով շրջանային պայմաններն ու կառավարութիւն մը կազմելու անկարողութիւնը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անսալու Ֆրանչիսկոս պապին կոչին եւ շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2013-ին աղօթելու ու ծոմապահութիւն կատարելու` Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար:
Իր կարգին, Քաչիա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու առումով:
Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ շրջանը դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, եւ այդ պայմաններուն դիմադրելու համար պէտք է ամրապնդել լիբանանեան ներքին ճակատը եւ կառչած մնալ չէզոք քաղաքականութեան, որ աւելի ուշ ստացաւ «Պաապտայի յայտարարութիւն» անունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.