2013-09-05 12:03:38

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստ


Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի առաւօտեան Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ` նկատի ունենալով քիմիական զէնքերու օգտագործումը եւ Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքին հասցնելիք զինուորական հարուածին հաւանականութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն դատապարտելի է. անոնք դատապարտեցին քիմիական զէնքերուն օգտագործումը եւ կոչ ուղղեցին Սուրիոյ ու շրջանի տագնապներուն համար միջազգային, խաղաղ եւ դիւանագիտական լուծումներ գտնելու եւ շրջանին մէջ ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը պատճառ դարձած են երկրին տնտեսական իրավիճակին անդամալուծման:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն գիտակցելու իրենց պատասխանատուութեան եւ դուրս գալով անձնական նեղլիկ շահերէն եւ զիրենք երկփեղկող հարցերէն` կազմելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանի գերագոյն շահերն ու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւնները` զանոնք փրկելով ամբողջական քայքայումէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.