2013-09-05 10:20:53

«Սուրիա Ոչ Միայն Իսրայէլը Պիտի Հարուածէ, Այլ Նաեւ Թուրքիան Եւ Յորդանանը, Եթէ Իր Դէմ Յարձակումին Մասնակցին» Ըսաւ Մըքտատ


Մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը կրնայ հոկտեմբերին տեղի ունենալ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան` միեւնոյն ժամանակ սպառնալով, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ ամերիկեան հարուածին ոչ միայն Իսրայէլը հարուածելով, այլ նաեւ Յորդանանն ու Թուրքիան, եթէ անոնք ամերիկեան ղեկավարութեամբ յարձակումին մասնակցին:
Ան ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ ամերիկացի քոնկրեսականները իմաստուն գտնուին եւ արդարութեան ձայնին ականջ տան եւ ոչ թէ գրգռիչ արարքներուն` նշելով, որ «եթէ պատերազմը ծագի, ապա կարելի չէ զարգացումներուն վերահսկել»:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի հերքեց Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման համար Դամասկոսի ուղղուած ամբաստանութիւնները` նշելով, որ «բոլորը գիտեն, թէ Հալէպի Խան Ասալ շրջանին մէջ նախկին յարձակումի մը ընթացքին ով օգտագործեց քիմիական զէնքը»:
Ան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները սխալ որակեց` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը նախապէս Վիեթնամի, Քուպայի կամ Իրաքի մէջ իր գործած նոյն սխալները կը կրկնէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.