2013-09-04 10:11:13

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում Ամմանի Մէջ.


Սեպտեմբեր 3-4-ին, Ամմանի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպում մը՝ հրաւէրովը Յորդանանի Ապտալլահ Բ. Թագաւորին: Սոյն հանդիպման նպատակն է քննարկել Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքները դիմագրաւող մարտահրաւէրները:
Ստորեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը , զոր Սեպուհ Սրբազան արաբերէն լեզուով կարդաց համագումարի ընթացքին
Բարձր կը գնահատենք Ն.Վ. Ապտալլա Բ. Թագաւորին քրիստոնեայ
հոգեւոր պետերը ի մի խմելու այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութիւնը` Միջին
Արեւելքի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին: Այս առիթով
կ՛ուզենք ձեզի հետ μաժնել կարգ մը մտահոգութիւններ ու մտածումներ.-
Ա. Ներկայ խորհրդակցական հաւաքին որպէս ընդհանուր թեմա
ընտրուած է «Մարտահրաւէրները զորս կը դիմագրաւեն քրիստոնեաները»:
Մեր հայեցողութեամμ միայն քրիստոնեաները չեն որ այսօր լուրջ
մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին, այլ նաեւ իսլամները եւ ամμո՛ղջ
շրջանը: Քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները նաե՛ւ իսլամներուն
մտահոգութիւնները պէտք է ըլլան եւ` փոխադարձաμար: Մենք միա՛սնաμար
պէտք է դիմագրաւենք Միջին Արեւելքի մարտահրաւէրները: Հետեւաμար, կը
սպասէինք որ այսօր մեզի հետ ըլլան նաեւ մեր իսլամ եղμայրները, որպէս
դրացի, գործակից ու ճակատագրակից միասնաμար քննելու մեր
մտահոգութիւնները: Եթէ անցեալին ու ներկային μաժանման գիծեր
յառաջացան մեր միջեւ, անոնք եղան պայմաններու պարտադրանքով ու
միայն շահադիտական մօտեցումներէ մղուած: Քրիստոնեաներ ու իսլամներ
անμաժանելի մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան: Բաժանման
գիծեր իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ անընդունելի են: Ահա թէ ինչու
այսօր նախընտրելի պիտի ըլլար որ մենք երկխօսութիւն ունենայինք մեր
իսլամ եղμայրներուն հետ` միասնաμար քննելու մեր ներկան ու շրջանի
ապագան:
Բ.- Քրիստոնեայ եկեղեցիները, հակառակ պատմութեան ընթացքին
իրենց ունեցած աստուածաμանական μնոյթ ունեցող կարգ մը
տարμերութիւններուն, հիմնական հարցերու շուրջ անոնք մէ՛կ են: Արդարեւ,
եկեղեցին մէ՛կ է իր էութեամμ, իր կեանքով ու առաքելութեամμ: Յատկապէս
Միջին Արեւելքի մէջ μոլոր եկեղեցիները համախմμուած են Միջին Արեւելքի
Եկեղեցիներու Խորհուրդի շուրջ եւ սա պահուն, որպէս այդ խորհուրդի
նախագահներէն մէկը, ես ուրախութեամμ կ՛ուզեմ վկայել թէ եկեղեցիները
Միջին Արեւելքէն ներս կը գործեն ու կը ծառայեն որպէս մէկ ամμողջութիւն եւ
կը խօսին մէ՛կ ձայնով:
Գ.- Իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ,
հասարակաց նո՛յն արմատները ունին եւ նո՛յն μարոյական արժէքներու վրայ
խարսխած են իրենց կեանքն ու մտածողութիւնը: Պատմութեան ընթացքին,
հակառակ զիրենք շրջապատող տարμեր պայմաններուն ու քաղաքական
իրադարձութիւններուն, երկու կրօնները պահեցին ամուր իրենց
միաստուածեան հիմքը եւ հոգեւոր ու μարոյական արժէքներու համակարգը:
Ներկայ ժամանակներուն μարոյական ու հոգեւոր արժէքներ քանդող
համաշխարհայնացումի հոսանքներուն դիմաց, իսլամութիւնն ու
քրիստոնէութիւնը կոչուած են միա՛սնաμար պայքարելու:
Դ.- Քրիստոնէութեան ու իսլամութեան արժէքներու համակարգին
անμաժանելի մասը կը կազմէ փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը: Արդարեւ,
հասարակաց արժէքներու կարգին մեր ունեցած տարμերութիւնները եւս պէտք
է ճանչնանք ու յարգենք: Տարμերութիւնները մեզ պէտք չէ առաջնորդեն
հակամարտութեան. անոնք պէտք չէ մեզ մղեն ինքնակղզիացումի. անոնք
պէտք չէ ստեղծեն փոխադարձ անվստահութեան ու վախի մթնոորտ:
Ընդհակառակը, մեր հասարակաց արժէքներն ու տարμերութիւնները մեզ պէտք
է մղեն յառաջացնելու գոյակցութեան վրայ հիմնուած այնպիսի ընկերութիւն,
որ զօրեղ է իր հասարակաց արժէքներով ու հարուստ իր
զանազանութիւններով:
Ե) Մեր արտայատած այս մտածումները սոսկ տեսութիւն չեն, այլ`
իրականութիւն: Որպէս օրինակ կ՛ուզեմ տալ հայ ժողովուրդի պարագան: Մենք
դարեր շարունակ, Հայաստանի, ապա Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ
իսլամներուն հետ ապրեցանք: Ներդաշնակ գոյակցութիւն մը յառաջացաւ
երկու կրօններուն ու մշակոյթներուն միջեւ: Եթէ պատմութեան ընթացքին
տխուր դէպքեր պատահեցան, օրինակ` Օսմանեան թուրքիոյ գործադրած
ցեղասպանութիւնը հայ ժողվուրդին դէմ 1915ին, անոնք միայն քաղաքական ու
կայսերապաշտական նպատակներ կը հետապնդէին: Հայ ժողովուրդը
իսլամներուն հետ գոյակցութեան հարուստ պատմութիւն մը ունի: Նոյնը
կարելի է ըսել Լիμանանի մասին, ուր 18 համայնքներ կը գոյակցին ` յարգելով
իրենց զանազանութիւնները:
Զ.- Հետեւաμար, հարց կու տանք. ինչո՞ւ այս տխուր պատահարները ու
ցաւալի երեւոյթները, որոնք կը շրջապատեն մեզ Միջին Արեւելքի զանազան
շրջաններէն ներս: Արդարեւ, 1) հաւատարմութիւն մեր հաւատքին նկատմամμ
պէտք չէ նշանակէ անհանդուրժողութիւն ուրիշին հաւատքին նկատմամμ: 2)
Ոեւէ կրօն չի կրնար ընդունելի նկատել ահաμեկչութիւնը ու μռնութիւնը իրենց
տեսանելի կամ անտեսանելի արտայայտութիւններով: 3) Հասկնալով հանդերձ
թէ մեր կեանքի քաղաքական ու կրօնական տարածքներուն միջեւ
ամμողջական μաժանում կարելի չէ յառաջացնել` յատկապէս Միջին Արեւելքէն
ներս, միաժամանակ, սակայն, կրօնին ու քաղաքականութեան ու անոնց
առնչուած նպատակներու ամμողջական նոյնացումը կրնայ լուրջ
կացութիւններ ստեղծել ընկերութեան կեանքէն ներս: 4) Փոխադարձ յարգանքի
վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը պէտք է դառնայ ուղենիշը մեր μոլորին.
երկխօսութեամμ լուծում գտած հարցերը միայն կը դառնան մնայուն:
Է) Որպէս եզրակացութիւն, կ՛ուզենք կարեւորութեամμ շեշտել, որ
քրիստոնեաները Միջին Արեւելքէն ներս եկւոր չեն, անոնք այս շրջանի
պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան անանջատելի մասը կը
կազմեն: Քրիստոնեաներ գործօն մասնակցութիւն μերած են շրջանի
զարգացման: Անոնք կարեւոր դեր կատարած են նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք
փոխ-յարաμերութեան ամրապնդման մէջ: Արդ, քրիստոնեաներ վճռած են մնալ
Միջին Արեւելքի մէջ ինչ որ ալ ըլլան զիրենք շրջապատող պայմանները: Անոնք
ինչպէս միշտ յանձնառու են ո՛չ թէ միայն երկխօսութեան, այլ ամμողջական ու
շինիչ գործակցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան իսլամներուն հետ:
Քրիստոնեաներ գիտակից են իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն
Նկատմամբ ու միաժամանակ կառչած կը մնան իրենց իրաւունքներուն, որպէս
Լիիրաւ քաղաքացիներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.