Մոսկուա. «Ամերիկեան Հարուածը Օրինական Չէ Եւ Միայն Հակառակ Արդիւնքը Պիտի Տայ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ տակաւին
չկրցան սուրիական ընդդիմութիւնը համոզել «Ժընեւ-2»-ին ներկայ գտնուելու»: Ռուսիոյ
արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Վերչինին յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ
հարուածը օրինական պիտի չըլլայ եւ ամբողջ միջազգային յարաբերութեանց համակարգը պիտի հարուածէ»`
շեշտելով, որ «ուժի օգտագործումը սպասուած արդիւնքը պիտի չտայ, այլ` հակառակ ազդեցութիւնը»: Ռուսական
աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ «Մոսկուա Միջերկրական ծովուն մէջ իր զինուորական
ներկայութիւնը բարձրացնել չի ծրագրեր»: