2013-09-04 10:03:22

Եգիպտական Բանակը Սինայի Մէջ Հրթիռային Յարձակումով Մը 15 Ծայրայեղականներ Կը Սպաննէ


Եգիպտական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ եգիպտական բանակի զինուորական ուղղաթիռներ յարձակում գործած են Սինայի մէջ ծայրայեղականներու կեդրոններուն դէմ եւ անապատային շրջանին մէջ 15 ծայրայեղականներ սպաննած: Յարձակումը թիրախ դարձուցած է Իսրայէլի եւ Կազայի մօտ Շէյխ Զուէյտի հարաւը երկու գիւղեր:
Զինուորական աղբիւր մը եգիպտական պետական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Ափաչի» տիպի ուղղաթիռները յաջողած են Հիւսիսային Սինայի Թումա եւ Մուքաթաա գիւղերուն մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն պատկանող զէնք-զինամթերքի պահեստանոցներ քանդել:
Աղբիւրը կը նշէ, որ օդային հարուածներուն կողքին շրջանին մէջ նաեւ ցամաքային գործողութիւն մը տեղի կ՛ունենայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.