2013-09-03 10:14:20

Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար Աղօթքի Շաբաթ


Նախաձեռնութեամբ «Օգնութիւն անձկալի Եկեղեցւոյ» կազմակերպութեան (Aide a l՚Eglise en detresse), «Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի շաբաթ» մը յայտարարուած է 30 Օգոստոս – 6 Սեպտեմբեր 2013-ին։ «Ժամանակն է աղօթելու Սուրիոյ ժողովուրդին, Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Սուրիոյ մեղ եղբայրներըաւելի քան պէտք ունին անոր» ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ 30 Օգոստոսէն մինչեւ 6 Սեպտեմբեր, մէկ շաբաթ ամբողջ, ցանկացողները կը հրաւիրուին արտասանելու «Սուրիոյ խաղաղութեան համար բարեխօսութեան աղօթք»ը, զորկու տանք ստորեւ.-

Աստուած գթառատ,
Լսէ՛ ճիչը սուրիացի ժողովուրդին,
Սփոփէ՛ անոնք որոնք կը տառապին բռնութեան պատճառով,
Մխիթարէ՛ անոնք որոնք իրենց զոհերը կու լան,
Զօրացո՛ւր Սուրիոյ դրացի երկիրները՝ գաղթականներուն օգնելու եւ զանոնք հիւրընկալելու իրենց պատրաստակամութեան մէջ,
Դարձի բե՛ր սրտերը անոնց որոնք զէնքի դիմած են,
Եւ պաշտպանէ՛ անոնք որոնք խաղաղութեան կը նուիրուին։
Յուսատու Աստուած,
Ներշնչէ՛ ղեկավարներուն բրտութեան փոխարէն խաղաղութիւնը ընտրել եւ իրենց թշնամիներուն հետ հաշտուիլ փորձել,
Սուրիոյ ժողովուրդին համար կարեկցութիւն ներշնչէ՛ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ,
Եւ տո՛ւր մեզի յոյսը արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղ ապագայի մը։
Ա՛յս է մեր խնդրանքը Խաղաղութեան Իշխան եւ աշխարհի Լոյս Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Ամէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.