2013-09-03 10:31:54

Մանկավարժ Յիսուսը


Ահա վերամուտը երբ մեր զաւակները վերստին պիտի յաճախեն դպրոցները՝ սկսելու համար տարի մը լի նոր գործունէութիւններով, իսկ ծնողքները պիտի զբաղուին վերամուտին լաւ ընթացքին: Ինչպէս ամէն տարի, ուսուցիչները պիտի փոխանցեն նոր սերունդներուն իրենց գիտելիքները՝ գիտական, գրականութեան եւ արուեստական մարզերուն մէջ, պատրաստելու համար մեր զաւակները կեանքի բարեշըրջման:
Մանկավարժ ըլլալը նոր գաղափար մը չէ քրիստոնէայ հաւատքին մէջ, որովհետեւ Յիսուս իսկ կը նկատուէր իբր մանկավարժ: Ան զոր Եկեղեցիները կ'ընդունին որպէս Աստուած աշխարհ եկաւ մարդկութեան յայտնելու համար Աստուածային ճշմարտութիւնը եւ զանոնք աոաջնորդելու կեանքի ճամբուն վրայ:
Ի՞նչ կը նշանակէ մանկավարժ ըլլալ: Ներկայ օրերուն, ան կ'ընդնշէ կարողութիւնը ունենալ բարդ նիւթ մը կամ գաղափար մը բացատրել ուրիշներուն այնպիսի ձեւով մը որ ընբռնումը ըլլայ դիւրին եւ գոհունակ:
Մանկավարժ ըլլալ չի նշանակեր յատուկ ճառախօսական որակներ ունենալ. օրինակի համար, երբ պարզ անձ մը կ'ուզէ ուրիշներուն կարեւոր հրաման մը տալ, կը ջանայ այնպէս մը արտայայտուիլ որ միւսները կարենան զինք հասկնալ: Հետեւաբար, տրամբանակա՞ն է որ Յիսուս աշխարհ եկած՝ մարդկութիւնը ազատելու համար, կարողութիւնը չունենայ յստակօրէն արտայայտուելու, որպէս զի իր խօսքերը սխալ չըմբռնուին: Նոյնիսկ եթէ զայն համարենք որպէս պարզ ուսուցիչ մը եւ որպէս Մեսիա, կարե՞լի է որ Ան ձեռնհասութիւնը չունենայ իր առակներն ու խօսքերը պայծաո կերպով մեզ փոխանցելու: Ընդհանրապէս, ուսուցիչ մը մեծ կը նկատուի երբ ան յաջողի գաղափար մը բացատրելու զինք ունկնդրողներուն, առանց զայն շքափոխելու կամ խափանելու, եւ զայն կը ներկայացնէ որպէս պայծառ իրականութիւն մը, նման արեւին երբ կը լուսալրէ երկիրը առաւօտեան:
Քրիստոսը նկատել որպէս ուսուցիչ շատ հին մտայնութիւն մըն է, որ մեզ կը յայտնուի երբ Աւետարանները կարդանք կրօնական ոճով: Իրօք, երբ անձ մը կը փափաքի իր հաւատքը փոխանցել ուրիշներուն, ան կ'ուսումնասիրէ թէ Յիսուս ինչպէ՞ս ընթացաւ այս մարզին մէջ, միշտ նկատի ունենալով Իր յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները:
Քրիստոսը ո՛չ միայն իր ապրելակերպը մեզի ցոյց տուաւ, այլ նաեւ իր մանկավարժական գեղարուեստը, որ սերտ կապ ունի իր գոյութեան միատարրութեան եւ փառքին հետ: Իսկ Քրիստոսին իսկական ուսուցումները ըմբռնելու համար, կ-րեւորագոյն կէտը կը մնայ Աւետարանները հասկնալ ինչպէս որ գրուած են, եւ ոչ թէ զանոնք մեկնաբանել մեր հասկցողութեան համաձայն: Երբ կը հարցաքննենք Յիսուսի ուսուցումներուն մասին, հետեւեալ խրատը կը տրուի մեզի. ,Եթէ կր փափաքիք զանոնք հասկնալ, կարդացէ՛ք Աւե-տարանները հեռու պահելով նախորօք ունեցած եզրակացութիւները, միակ նպատակով հասկնալու համար ինչ որ գրուած է, որովհետեւ Աւետարանները սուրբ Գիրքեր են, որոնք կը կարդանք համարումով, լրջօրէն եւ խելացիօրէն, եւ ոչ թէ արագօրէն իբրեւ թէ կը կարդայինք վէպ մը:
Կարեւոր է միշտ նկատի ունենալ Աստուծոյ Աւետարանները: Յիսուս մեզ չի ներկայանար որպէս տէրը իր իշխանութեան, այլ մեզ կը մղէ դէպի իր Հօրը: Աւետարանը պարզ գիտութիւն մը չէ որ կ'ըմբռնենք հասարակ նիւթի մը նման, այլ մեծ աւետիս մըն է որ կը նորոգուի ամէն անգամ որ կը լսենք զայն:
Քրիստոսին ուսուցումը պարզ գիտութիւն մը չէ ինչպէս թուաբանութիւնը, այլ հաւատքի իւրայատուկ փորձառութիւն մըն է որ որեւէ մէկը ուրիշին փոխարէն չի կրնար ապրիլ եւ որ ամէն մէկուն համար իւրաքանչիւր յատկութիւն մըն ունի:
Յիսուսին իմաստութիւնը կը կայանայ Տիրոջ իւրայատուկ ձեւին մէջ ներկայացնելու բարդ խորհուրդները պարզ բառերով. Նոր Կտակարանը լի է այդպիսի առակներով: Կրօնական անձնաւորութիւն ըլլալու համար, մարդ պէտք չունի բանաս-տեղծական ոճ ունենալու: Բաւարար է որ ունենան տրամաբանական ոգի մը եւ համոզիչ խօսքեր: Մեր ներկայ շրջապատին մէջ կան անձեր որոնց ասպարէզն է սքանչելի կերպով բեմադրել Յիսուսին առակները, ինչպէս շարժապատկերը եւ դատերախաղը. բայց ուշադի՛ր, անոնց հետեւելով, կրնանք մոռնալ մեր անձնական հաւատքին փորձաոութիւնները կատարելու, որոնք սքանչելի դրուագներ են մեր կեանքին մէջ :







All the contents on this site are copyrighted ©.