Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնն Ու Այսօրուայ Թուիթը։
Երկուշաբթի 2 սեպտեմբերէն սկիզբ կ՛առնեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական
եւ հերթական գործունէութիւնները որ մասամբ դադրած էին ամառնային շրջանի ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ գլխաւորեց առօրեայ
սուրբ պատարագը որուն ներկայ գտնուեցան վատիկանի շարք մը պաշտօնեաներ։ Ժամը 11-ին
Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Մոնդէնէկրօյի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած
դեսպան` Տիար Վէզէլին Սուքովիչը։ Ապա ժամը 11,20-ին ընդունեց Կարտինալ Կոտֆրիտ Տանիէլզը
Պրիւքսէլի երբեմնի արքեպիսկոպոսը որմէ ետք Քահանայապետը ընդունեց հրէական ''World Jewish
Congress'' կոչուած հաստատութեան 5 անդամները, հուսկ ժամը 12,15-ին ունկնդրութիւն շնորհեց
Տոքթ. Հէկտոր Նէկրիին` Պուէնոս Այրէսի Արդարադատութեան Գերագոյն Ատեանի Նախագահ։
Ի
տես յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին հռչակած աղօթքի եւ ծոմապահութեան երեկոյթին Սուրիոյ խաղաղութեան
ի սպասշ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով կիրակի օրուայ ուղղած իր կոչը,
իր թուիթերեան կայքէջի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը` Ոչ երբե՛ք Պատերազմ։ Ոչ երբե՛ք
Պատերազմ։