2013-09-02 15:45:14

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարքին Կոչը՝ Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Որոշումի Տէրերուն


Յարգելի պարոնայք,
- Պէտք է նկատի առնել որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը դիմելու կամ պատերազմի որոշում տալու պատճառները, հակառակ այս առընչութեամբ ճշդուած պայմաններուն, կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ եւ յանգիլ ձախողութեան ու զղջումի (ափսոսանքի):
- Նախորդ փորձերը Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ Սերպիոյ մէջ, եւ անոնց աղիտալի հետեւանքները, մեզի սորվեցուցին թէ հապճեպ եւ անբաւարար ուսումնասիրուած որոշումները եւ անոնց պատճառած աւերը ու տեղահանութիւնը, ժխտական անդրադարձ ունեցան նոյնինքն որոշումի տէրերուն վրայ: Անոնց ժխտական հետեւանքներէն մէկը եղաւ ծնունդը ծայրայեղական շարժումներու եւ խմբաւորումներու, որոնք շատ մը երկիրներու անվտանգութեան կը սպառնան, անձնասպանական գործողութիւններու նման արարքներով՝ որոնք բացայայտ վկաներն են այս ծայրայեղութեան:
- Տարբեր երկիրներու մէջ գործող վերլուծաբաններ եւ քաղաքագէտներ այսօր հարց կու տան թէ բռնի ուժով կարելի է՞ սրբագրել սխալները, երբ անսխալական վարչակարգ չկայ աշխարհի տարածքին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մեծ տէրութիւնները օգնեն սուրիական վարչակազմին, շրջանցելու իր դժուարութիւնները եւ բարելաւելու իր վարքը երկխօսութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով:
- Այս մասին յստակ է նաեւ սիրոյ եւ խաղաղութեան առաքեալ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կեցուածքն ու տեսլականը, ինչ կը վերաբերի անոր յարատեւ կոչին՝ դիմելու բանակցութեան եւ խաղաղ միջոցներուն, լուծելու համար քաղաքական տարակարծութիւններն ու բարդ հարցերը:
- Վերջապէս, յարգելի պարոնայք, զինուորական գործողութեան դիմելու որոշում տալէ առաջ, արդեօ՞ք մտածեցիք մարդկային կորուստներուն եւ աւերի, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն արտագաղթի ահաւոր ծաւալի մասին: Նկատի առի՞ք այս դաժան հետեւանքները ձեր որոշումին, որովհետեւ յետագային զղջալը անօգուտ է:
- Հետեւաբար, հարկ է սպասել եւ լաւապէս մտածել դիմելէ առաջ ոեւէ քայլի, որուն ծանրակշիռ հետեւանքները աննախատեսելի են: Իմաստուն մարդը պէտք չէ սխալի իր հաշիւներուն մէջ, որպէսզի ձախողութեան եւ ուրիշներու հեգնանքին օրինակ չդառնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.