2013-09-02 12:14:00

Զմմառու Դպրեվանքի Հանդիսութիւն


Զմմառու զոյգ դպրեվանքերու ժառանգաւորները՝ այս տարի եւս հետեւեցան Օգոստոս ամսուան ընթացքին հայերէնի, արաբերէնի և անգլերէնի, ինչպէս նաեւ երաժշտական դասընթացքի ամփոփ ծրագրի մը, որուն եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զմմառու վանքէն ներս: Ձեռնարկը նուիրուած էր երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր - Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանին, որու բարերարութեամբ կառուցուած է դպրեվանքի շէնքը 7 Յուլիս 1963-ին: Հանդիսութեան յայտագիրը ընդգրկեց զեկուցում մը Աղաճանեան Կարդինալին մասին: Ասմունքներ և երգեր, որոնց ընկերացան ժառանցաւորները սրինքով, երգեհոնով և կիթառով, ղեկավարութեամբ՝ վաստակաւոր Մաէսթրօ Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեանի: Նաեւ ուշագրաւ տեսաերիզ մը ներկայացուեցաւ Կարդինալ Աղաճանեանին մասին, որուն յաջորդեց զոյգ դպրեվանքերու Տեսուչ հօր խօսքը և վանքիս Մեծաւորին հուսկ բանքը պահպանիչով:







All the contents on this site are copyrighted ©.