2013-09-02 12:37:14

Եազիժի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Եւ Խաղաղ Լուծում Մը Գտնելու


Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը շաբաթավերջին Պալամանտի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմը կը սպառնայ Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները հետզհետէ կը դժուարանան:
Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական եւ խաղաղ լուծում մը գտնելու:
Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն թղթածրարին անդրադառնալով` Եազիժի պատրիարքը զարմանք յայտնեց անոնց մասին հրապարակուած սահմանափակ տեղեկութիւններուն համար:
Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի ձեռնարկեն հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային լուծել այդ թղթածրարը:
«Լուռ պահելու եւ անորոշ վիճակի մատնելու փորձերը պատճառ պիտի չըլլան, որ մենք յուսալքուինք. ընդհակառակն` մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք ազատ արձակելու համար առեւանգուած եպիսկոպոսները եւ բոլոր առեւանգեալները», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց մարդկային այս թղթածրարին լուծման:
Իր խօսքը ուղղելով միջազգային ընտանիքին` Եազիժի պատրիարքը ակնարկեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն գոյութեան մասին անոր մտավախութեան եւ ըսաւ. «Մենք միջազգային ընտանիքին կարեկցանքին կարիքը չունինք, որովհետեւ մեր երկիրներուն մէջ մեր ճակատագիրը նոյնն է, այնպէս ինչպէս նոյն քաղաքացիութիւնը կրող մեր եղբայրներուն ճակատագիրը: Մենք տասնեակ տարիներով ապրած ենք այս երկիրներուն մէջ եւ եղբայրաբար բաժնած մեր ցաւերն ու ուրախութիւնները: Մենք այսօր կարիքը ունինք մեր եպիսկոպոսներուն ճակատագիրը բացայայտելու եւ համոզուած ենք, որ եթէ միջազգային ընտանիքը փափաքի օժանդակել մեզի, ապա ան կրնայ շուտով լուծել այս թղթածրարը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.