2013-09-01 16:50:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կոչն ու Հրաւէրը Սուրիոյ Խաղաղութեան։


Կիրակի 1 սեպտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սրտագրաւ կոչ մը ուղղեց խնդրելով որ դադրի Սուրիոյ մէջ պատերազմը ու ապա դատապարտեց քիմէական զէնքերու գործածումը։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր նախորդներուն նման բացագանչելով ''Ոչ երբե՛ք պատերազմ'' հրաւիրեց աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները ներառեալ քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալները ու նաեւ այլ կրօնքի պատկանող անձինք ու բարի կամք ունեցող մարդիկ որ իրեն միանան Սուրիոյ համար կազմակերպուած ծոմապահութեան եւ աղօթքի երեկոյթին զոր տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-էն 12, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։

''Թող խաղաղութեան կանչը բարձրանայ խաղաղ աշխարհի մը համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր կսկիծն ու ցաւը յայտնելով սուրիոյ մէջ տիրապետող ցաւալի իրավիճակին։ Ան ապա վերահաստատեց թէ ''խաղաղութեան տանող միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է'' ու հրաւիրեց բոլոր կողմերը զէնքերը մէկդի դնելու եւ հետեւելու իրենց խղճի ձայնին որպէսզի չի կարչին անձնական շահերուն եւ քաջութեամբ ընդգրկեն բանակցութեան ճանապարհը ու պատերազմին վրայ այլ պատերազմ մը չ՛աւելնայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.