2013-08-31 09:40:12

Տիրամօր Նուիրուած Ուխտագնացութիւններ Զուիցերիոյ եւ Անկոլայի Մէջ


Շաբաթ 31 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10.30 ին, Էյնսիէտէլնի Վանքին եկեղեցւոյ դիմաց ուր կը գտնուի ''Սեւ Տիրամօր'' նուիրուած խորանը, Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտութեամբ սկիզբ կ՝առնէ Ափրիկեան երրորդ ուխտագնացութիւնը։ Ապա ժամը 12.30-ին, Գերապայծառ ճագոմօ Կրամբա՝ Լուկանոյի Արքեպիսկոպոսը Սուրբ Պատարագի զոհը կը գլխաւորէ ։

Իսկ Անկոլայի մէջ 31 Օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր, տեղի կ՝ունենայ, ինչպէս ամէն տարի, ուխտագնացութիւն մը դէպի Մուքսիմաօ Տիրամօր ուխտավայրը։

Ուխտագնացութեան խորհրդածութեան խորագիրն է ''Ընտանիք ոտքի ել եւ քալէ՚''։ Նախատեսուած է շուրջ 900 հազար ուխտաւորներու ներկայութիւնը եկած աշխարհի չորս ծագերէն։

Ուխտագնացութեան ընթացքին պիտի կատարուին աղօթքի հսկում, վարդարանի բարեպաշտական աղօթք, քրիստոնէական դասընթացք եւ խոստովանանքի մատակարարում ու ապա ճանապարհ խաչի։Ուխտագնացութեան յայտագիրը վերջ պիտի գտնէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագով








All the contents on this site are copyrighted ©.