2013-08-31 09:33:01

ՀՀ Նախագահը Սուրիոյ Հարցով Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած է Երկու Կաթողիկոսներուն Հետ


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը։
Նախագահը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետ քննարկած է Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին սուրիահայ համայնքի եւ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակիցներու անվտանգութեան հետ առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները արծարծած են ուժերը համախմբելու, առկայ լարուած եւ վատթարացող իրավիճակի մէջ տագնապալի օրեր ապրող սուրիահայ մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համակարգուած սատարելու եւ անոնց հնարաւոր առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղիները:








All the contents on this site are copyrighted ©.