2013-08-31 09:21:46

Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի Մահուան Առաջին Տարելիցը։


Շաբաթ 31 օգոստոս 2013-ին կը նշուի Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի մահուան առաջին տարելիցը։ 85 ամեայ կարտինալը իր հոգին աւանդած էր 2012-ի 31 օգոստոսին Յիսուսեաններու Կալլարադէի տան մէջ։
Կարտինալ Մարթինիի մահուան տարելիցին առթիւ շաբաթ 31 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին Միլանոյի ''Duomo''-ին մէջ տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ զոր կը գլխաւորէ Միլանոյ Թեմի Առաջնորդ` Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան։ Նոյն օրը թեմին բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ կը կազմակերպուին հոգեհանգստեան արարողութիւններ երջանկայիշատակ Կարտինալ Մարթինիի յիշատակին։
Յիսուսեան միաբան Կարտինալ Մարթինին Միլանոյի առաջնորդ եղած է 1979-էն մինչեւ 2002ը։ Ան ծնած էր Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։ 17 տարեկանին կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան եւ 1952-ի յուլիս 13-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։
Հմուտ աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ 1978-ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Հռոմի՝ Գրիգորեան Համալսարանի Փոխ Րէկտոր։1979-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ անոր կը յանձնէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսւթեան առաջնորդութիւնը։ 1983-ի փետրուարին կը ստանայ ծիրանաւորի աստիճանը։
11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, Մարթինի կարտինալը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ ու կը փոխադրուի Երուսաղէմ ուր կը շարունակէ Աստուծաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները մինչեւ 2007 թուականը։ 2008-ին առողջութեան պատճառներու բերումով կը վերադառնայ Միլանօ ուր կը կնքէ իր մահկանացուն 2012-ի 30 օգոստոսի յետ միջօրէի ժամը 15:45-ին։
Յայտնենք որ երէկ 30 օգոստոսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ ընդունելով Յիսուսեան Միաբանութեան Իտալիոյ Ընդհանուր Մեծաւոր` Հայր Գարլօ Գազալոնէ եւ ''Գարլօ Մարիա Մարթինի Հիմնարկի'' անդմաները խրախուսեց զանոնք վառ պահելու Հոգելոյս Կարտինալի յիշատակը որպէս ''արդար պարտակնութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.