2013-08-31 10:46:16

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ'ունենայ Եւրոպայի Խորհուրդի Հանդիպումը ''Միջմշակութային Երկխօսութեան Կրօնական Ծաւալումը'' Նիւթին Մասին։


Հայաստանի մայրաքաղաք` Երեւանը 2 եւ 3 սեպտեմբերին կը հիւրընկալէ Եւրոխորհուրդի ''միջմշակութային կրօնական երկխօսութեան ծաւալումի'' 6-րդ հանդիպումը, նախագահութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան արտգործ նախարար Ետուարտ Նալպանտեանի ու Գարեգին Բ Ամնայն Հայոց կաթողիկոսին։
Ժողովին բնաբանն է. ''կրօնքի ազատութիւնը այսօրուայ աշխարհին մէջ. մարտահրաւէրներ ու երաշխաւորումներ''։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Եւրոպայի նախարարներու Կոմիտէի նախագահութեան ծիրէն ներս (16 մայսէն 14 նոյեմբեր 2013)։
Լիանիստ հանդիպումներու եւ նախատեսուած երեք կլոր սեղաններու ընթացքին ժողովականները պիտի զեկուցէն հետեւեալ նիւթերու մասին`
- Կրօնքի, խիղճի ու գաղափարի ազատութիւնը` որպէս մարդու հիմնական իրաւունք ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ։
- Կրօնական փոքրամասնութիւններու պատկան անհատներու պաշտպանութիւնը ու անոնց սատարը պայաքարելու կրօնի պատճառաւ յարուցուած անհանդրժողութեան, խտրականութեան եւ ատելութեան դէմ ։
- Ապագայի համար նախաձեռնութիւններ Եւրոպայէն ներս ու դուրս։ նոր սերունդին դաստիարակութիւնը ու անոնց գիտակցութիւնը հանդէպ` կրօնի, երկխօսութեան եւ կրօնական ու ոչ կրօնական ներկայացուցիչներու հետ համագործակցութեան։
Ժողովին կը մասնակցին կրօնական եւ ոչ-կրօնական հասարակութիւններու պատուիրակներ, հաղորդակցութեանց միջոցներու մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ համալսարականներ ու միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Յայտնենք որ Եւրոպայի պատմութիւնը սերտօրէն առընչուած է կրօնական հաւատալիքներու յեղաշրջումին։ Ամէն ժամանակին ու տարբեր հանգրուաններու ընթացքին կրօնական ծաւալը յարուցած է բոլոր երկիրներու մէջ, յոյժ կարեւոր խնդիրներ կապուած` ընկերային ու քաղաքական ապրուած ժամանակաշրջանին։ Եւրոխորհուրդի ''միջմշակութային կրօնական երկխօսութեան ծաւալումի'' նիստերու կէտնպատակն է պայքարիլ անհանդրժողութեան դէմ ու զարգացնել կրօնքի ազատութիւնը, համաձաին մարդու իրաւունքներու ու հիմնական իրաւունքներու դաշնագիրի 9-րդ յօդուածին։








All the contents on this site are copyrighted ©.