2013-08-30 09:42:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Միջքրիստոնէական ԺԳ Գիտաժողովի Մասնակցիներուն։


28 - 30 Օգոստոս Միլանոյի Յիսուսի Սուրբ Սրտի անուան Կաթողիկէ համալսարանի մէջ, Կոստանդինեան տարւոյն առթիւ (313-2013), կայացաւ միջ - քրիստոնէական ԺԳ գիտաժողովը որուն խորագիրն էր ''Քրիստոնեաներու կեանքը եւ քաղաքացիական իշխանութիւնը։ Պատմական հարցեր եւ արդի հեռանկարներ արեւմուտքի եւ արեւելքի մէջ''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 19 օգոստոս թուակիր, պատգամ մը ուղղեց գիտաժողովի մասնակցողներուն որուն մէջ ողջունեց նախաձեռնութիւնը, որ կը զուգադիպի Միլանոյի հրովարտակի 1700-րդ տարեդարձին եւ որուն յիշատակումով Միլանօ թեմը պատիւը ունեցաւ ընդունիլ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարդողոմէոս Ա.ի այցելութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընգծեց թէ ինչպէս այս պատմական հրովարտակով ճանչցուեցաւ քրիստոնեաներու կրօնական ազատութիւնը, նոր կարելիութիւն ստեղծելով Աւետարանի քարոզութեան ու անոր ծաւալումին, որուն հետեւանքով ծնունդ առաւ եւրոպական քաղաքակրթութիւնը։

Նման դէպքի ոգեկոչումը առիթ կու տայ գիտաժողովի մասնակցողներուն քննարկելու թէ ի՞նչպէս քրիստոնեայ աշխարհը կապ հաստատեց քաղաքացի ընկերութեան ու իշխանութեան հետ։ Նման յեղաշրջում մը տարբեր զարգացում ունեցաւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ, հաստատ եւ միեւնոյն համոզումը ունենալով որ քաղաքացիական իշխանութիւնը իր սահմանը կը գտնէ յաչս Աստուծոյ օրէնքին։ Բայց եւ այնպէս եկեղեցական իշխանութիւնը ու քաղաքացիական իշխանութիւնը կանչուած են միասնաբար համագործակցելու մարդկային ազգին բարիքին ի խնդիր։

Քահանայապետը հուսկ իր պատգամին աւարտին մաղթանք յայտնեց որ գիտաժողովը արդիւնաբեր ըլլայ պատմական փնտռտուքի զարգացումին ու փոխադարձ աւանդութիւններու առաւել ճանաչումին գծով։

Վերոյիշեալ պատգամի ընթերցումը կատարուեցաւ գիտաժողովի բացման ելոյթներու ընթացքին 28 օգոստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.