2013-08-30 09:27:42

Օպամա. «Սուրիոյ Հարցով Որոշում Տակաւին Չտուի,
Սակայն Զինուորական Ընտրանքը Չէ Բացառուած»


Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Օպամա դաշնակիցներու հետ կը խորհրդակցի սուրիական վարչակարգին դէմ յարմարագոյն հակադարձութեան շուրջ:
Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց, որ Ասատի վարչակարգը քիմիական զէնքեր պարունակող պահեստանոցներ ունի եւ այդ պատճառով հաշուետուութեան պիտի կանչուի, իսկ Օպամայի որոշումը «մեր շահերուն եւ ազգային անվտանգութեան առնչուած պիտի ըլլայ»:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ հակադարձութեան որոշումը պէտք է միջազգային ընտանիքը միաձայնութեամբ որդեգրէ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի փնտռածը «սահմանափակ եւ շատ ողջմիտ» հակադարձութիւն մըն է, «եւ կը մերժենք Իրաքի պատերազմին հետ բաղդատականները»:
Աւելի կանուխ Օպամա ամերիկեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր վարչակազմը հաստատ փաստեր ունի, որ սուրիական վարչակարգը Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնք օգտագործած է:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցով տակաւին որոշում չէ տուած: «Սուրիոյ հաւանական հարուած մը հասցնելէ առաջ պէտք է նկատի ունենանք կարգ մը նկատառումներ, որոնցմէ են քարիւղի մատակարարումը եւ Իսրայէլի ապահովութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը ամերիկեան բանակի ղեկավարութենէն իր ստացած ընտրանքները կը սերտէ, նախքան որեւէ որոշում տալը` վստահեցնելով, որ «զինուորական հակադարձութեան ընտրանքը չէ բացառուած»:
Օպամա ըսաւ, որ իր երկրին Սուրիոյ «քաղաքացիական պատերազմին» մէջ ներքաշուիլը կը մերժէ` նշելով, որ «որեւէ ուղղակի միջամտութիւն կացութեան բարելաւման պիտի չնպաստէ»: «Ուաշինկթըն Իրաքի մէջ տեղի ունեցածին պէս երկարատեւ տագնապի մը մէջ պիտի չներքաշուի», ըսաւ ան:
Օպամա յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահը պատժելը Սուրիոյ բոլոր հարցերը պիտի չլուծէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը կասեցնելու համար յստակ ու վճռակամ կերպով շարժիլը կրնայ երկար ժամկէտի վրայ «մեր ազգային ապահովութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ»` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը կրնան վտանգուիլ, եթէ քիմիական զէնքերը սխալ ձեռքերու մէջ իյնան»:
Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տան Շափիրօ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումը այլեւս հաստատ է եւ «ուժգին ու լուրջ պիտի ըլլայ»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները չեն պատրաստուիր այս շաբթուան ընթացքին հրապարակուելիք զեկուցումին մէջ ներկայացնելու Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերող ամբողջ տեղեկատուութիւնը: «Տեղեկատուութիւնը, որ հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան, սահմանափակ պիտի ըլլայ: Մեզի անհրաժեշտ է պաշտպանել մեր աղբիւրները», յայտարարած է ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.