2013-08-30 09:17:20

Քրիստոնեայի Հաւատքին Իսկական Կեանքը


Հեղինակ մը կը գրէ. «Նախ եւ առաջ ըլլալ մարդ, ապա քրիստոնեայ եւ հուսկ մարդ կատարեալ»:
Մարդուս մէջ կարելի է երեք տեսակ կեանք զանազանել. անասնական, բնական եւ գերբնական կեանք:
Մեր մէջը գոյութիւն ունի նախ անասնական, զգայական մարմնաւոր կեանքը` բոլոր իր պահանջքներով, կիրքերով, հակումներով եւ սկզբունքներով:
Ս. Պօղոս խօսելով ճիշդ այս կեանքի մասին կը գրէ հռոմայեցիներուն. «Անդամներուս մէջ կը տեսնեմ ուրիշ օրէնք մը, որ իմ բանականութեանս օրէնքին դէմ կը զինուի... որովհետեւ ոչ թէ կ՛ընեմ բարին, զոր կ՛ուզեմ, այլ կ՛ընեմ չարը հակառակ իմ կամքիս (Հռոմ. 7, 19):
Դարձեալ Ս. Պօղոս կը գրէ հռոմայեցիներուն. « Մարմինի խորհուրդը` մահ է: Մարմնական խորհուրդը թշնամութիւն է Աստուծոյ դէմ, որովհետեւ չի հնազանդիր Աստուծոյ օրէնքին, եւ չի կրնար հնազանդիլ» (Հռոմ. 8, 6):
Բանական կեանքը, որ մեր մէջը գոյութիւն ունի` անոր մէջն է որ մենք բանաւոր էակներ ըլլալով օժտուած ենք իմացականութենէ եւ ազատ կամքէ` կը նկատենք մեր կամքը` ճշմարտութեան միակ ջահը, միակ աղբիւրը եւ մեր կամքը` գործելակերպի միակ առաջնորդը ու կ՛ուզենք ապրիլ մեր կամքին, մեր քմահաճոյքին համաձայն:
Այս կեանքն է, զոր շատերը նոյն իսկ քրիստոնեաներէն կը վարեն: Ասիկայ Աստուծմէ անկախ կեանք մըն է, հետեւաբար նաեւ ամէն բանէ որ Աստուծոյ կը վերաբերի ու զինքը կը ներկայացնէ:
Այս կեանքն ալ չի կրնար մեր իսկական կեանքն ըլլալ, որքան ալ աւելի մարդկային ըլլայ անասնական կեանքէն` համապատասխան մեր էութեան ազնուագոյն մասին, որովհետեւ սկզբնական մեղքին հետեւանքով մեր միտքը մթաքնած է եւ մեր կամքը` տկարացած:
Հետեւաբար մեր իսկական քրիստոնէական կեանքը կը կայանայ գերբնական կեանքի մէջ: Հաւատքը սոսկ` կը յայտնաբերէ մեզի մարդկային կեանքի ճշմարիտ եւ հարազատ ծագումը` աւանդելով մեզի Ս. Գիրգը առաջին մարդու ստեղծումին նկարագրութիւնը, մեր գերբնական կարգը բարձրացում, Աստուծոյ անհուն սիրոյն խորհուրդը` հանդէպ մեզի պէս մարդկային խեղճ արարածներուս: Որովհետեւ Աստուած բաւարարուեցաւ մեզ ստեղծելով, այլ ընդարձակեց մեր սրտին իղձերը եւ մեր մտքի հորիզոնները` մինչեւ կարող ըլլալու իր յաւէրժական կեանքին, որ է ըսել իր իսկ երանութեան եւ փառքին` կանչելով մեզ` զինքը ցմիշտ վայելելու անդենական աշխարհի մէջ:
Մէկ խօսքով` Ան մեզ կերպով մը աստուածացուց Աստուածային Գրոյն համաձայն. « Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք եւ դուք ամէնքդ Բարձրելոյն որդիներն էք: (Սղմ. 82, 6):
Այնպէս որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կարելի է կրկնել ինչ որ Աստուած հեգնութեամբ ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն նման եղաւ` բարին ու չարը գիտցող»( Ծն. 3, 22):







All the contents on this site are copyrighted ©.