2013-08-30 09:20:47

Մեծ Բրիտանիան Յետաձգած է Սուրիոյ Վրայ Յարձակումը


Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Տրիտ Քեմերոնը՝ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ճնշման տակ՝ յետաձգած է Սուրիոյ վրայ յարձակումը: Reuters գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախօրէին Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ հրաւիրուած արտահերթ նիստէն ետք ընդունուած է որոշում, որ թագաւորութիւնը Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններուն պիտի մասնակցի միայն ՄԱԿ տեսուչներու հետաքննութեան աւարտէն ետք, երբ պարզ պիտի դառնայ, թէ իրականութեան մէջ ով կիրառած է քիմիական զէնք:
Հաշուի առնելով 2003-ին Իրաք ներխուժելու ժամանակ հանրութեան անվստահութիւնը՝ նախկին վարչապետ Թօնի Պլէյրի նկատմամբ` Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Էտ Միլիպանտ եւ շարք մը պահպանողականներ սպիտած են Քեմերոնը յետաձգելու գործողութիւնները:
“Մեր առաջարկած նախագիծը կ’արտացոլէ Իրաքի մէջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ մեր երկրի խոր անհանագստութեան գիտակցումը վարչապետին կողմէ”,- յայտարարած է Մեծ Բրիտանիոյ ԱԳ նախարար Ուիլեամ Հէյկը:







All the contents on this site are copyrighted ©.