2013-08-29 11:39:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Բիաչէնցա եւ Պոպիօ Թեմերու 500 Երիտասարդներուն Հետ։


''Հաւատքի Տարուայ'' առթիւ, հռչակուած Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ, Իտալիոյ Բիաչէնցա եւ Պոպիօ թեմերու 500 երիտասարդներ, 27 - 29 օգոստոս, ''այս ժայռին վրայ'' բնաբանով ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ։
Չորեքշաբթի 28 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ հանդիպելով երիտասարդ ուխտաւորներուն անոնց արտասանած իր անպատրաստից ճառին մէջ քաջալերեց զանոնք կերտելու գեղեցկութեան, բարութեան եւ ճշմարտութեան ապագայ մը։
Ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ իրեն համար համակրելի է երիտասարդներուն հետ հանդիպիլ որովհետեւ անոնք ''յոյսի պատգամաւորներ են'' եւ ''ապագայի արուեստագէտներ'' - Ան ապա աւելցուց թէ ''գեղեցիկ է ապագան դիմագրաւել, պատրանքներու հանդերձ, բայց պատասխանատութեամբ''։ Սրբազան Հայրը ապա ըսաւ. երբ երիտասարդ մը ինծի ըսէ ''վարդապետ գէշ ժամանակներ կ՛ապրինք եւ ոչ մի բան կարելի է ընել, զայն հոգեբույժի քով կը ղրկեմ որովհետեւ երիտասարդ մը որ չ՛ուզէր բարձր իտէալներու ձգտիլ անհասկնալի է։'' Ձեր մէջ ունիք երեք իղձեր - շարունակեց ֆրանչիսկոս Պապը`- իղձը գեղեցկութեան, եւ դուք գեղեցկութիւնը փնտռողներ էք, իղձը բարութեան եւ բարութիւնը փոխանցիկ է, իսկ երրորդ` իղձը ճշմարտութեան։ Երեք իղձեր զոր պէտք էք իրականացնել գեղեցկութեամբ, բարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ապագայ մը կերտելով։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խրախուսեց զանոնք յառաջ երթալու քաջութեամբ հակառակ խոչընդոտներուն ինչպէս նաեւ մեծ վնասներ հասցնող ներկայ քաղաքակրթութեան դէմ հակահոսանք ընթանալու, ու աւելցուց ''այս ըրէ՛ք գեղեցկութեան, բարութեան եւ ճշմարտութեան արժէքներով։''







All the contents on this site are copyrighted ©.