2013-08-29 11:26:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Օգոստինեան Միաբանութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին Բացումը Կատարեց։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ին
Սուրբ Օգոստինոսի տօնին առթիւ, Հռոմի ''Բիացցա Նավոնայի'' հրապարակի մօտ` Սուրբ Օգոստինոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը բացումը կատարելով Օգոստինեան միաբանութեան միաբանական ընդհանուր 184-րդ ժողովին որ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբերի ամսուայ կէսը։
Այս առթիւ ներկաներուն իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց միաբան հայրերը իրենց եղբայրակիցներուն հանդէպ հոգատար ըլլալու։ Ան ապա ամէն մէկ կրօնաւորէն խնդրեց ''երբեք չի հրաժարիլ սիրոյ ցանկութենէն, հոգեւորի փնտռտուքէն եւ Աստուծոյ հետ հանդիպելու իղձէն'', ինչպէս նաեւ ըլլալու Քրիստոսի նման ''հովիւներ որոնք իրենց հօտը կը ճանչնան ու կորսուածները կը փնտռեն''։
ֆրանչիսկոս Պապը ապա շեշտը դրաւ Հոգեւոր եւ Հովուական բեղմնաւորութեան վրայ ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները ''միշտ ուրիշներուն օգնութեան հասնելու առանց սպասելու որ անոնք իրենց կարիքները արտայայտեն''։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ միաբանական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ինիսուն միաբան հայրեր որոնք պիտի ընտրեն միաբանութեան նոր մեծաւորը որ պիտի յաջորդէ Հայր Րոպէրդ Բրէվոսդին։ Ժողովականները նաեւ պիտի ընգծեն միաբանութեան յառաջիկայ 6 տարիներու գործունէութիւնը։
Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան պաշպան սուրբն է Իբբոնայի եպիսկոպոս` Օգոստինոսը ( 354 - 430)։ Միաբանութիւնը հիմնուած է 1244 թուականին որպէս կէտնպատակ ունենալով ապրիլ եւ զարգացնել առաջին քրիստոնեայ հասարկութիւններու կեանքն ու հոգեւորականութիւնը։ Օգոստինեան միաբանութեան մաս կը կազմեն այրեր ու կիներ որոնք որպէս բնաբան որդեգրած են ''միասնաբար ապրիլ ներդաշնակութեամբ, ու մէկ սիրտ ու մէկ հոգիով ձգտիլ Աստուծոյ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.