2013-08-29 11:51:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդը:


Հինգշաբթի 29 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆտանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բ-ին, անոր կողակից Րանիա թագուհիին եւ անոնց ընկերացող շքախումբին։ Ապտալլահ Բ, որ յանձնառու է միջկրօնական երկխօսութեան գծով, առաջին գահակալն է որ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ կ՛ընդունուի։

Յայտնենք որ սուրիական տաքնապի հետեւանքով Յորդանանը սուրիացի գաղթականները հիւրընկալող առաջնակարգ երկիրներէն մին է ուր 600 հազարէ աւելի սուրիացիներ ապաստան գտած են։
2009-ին Ապտալլահ Բ Թագաւորը հանդիպում ունեցած էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին հետ անոր Երուսաղէմ կատարած առաքելական ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Պենետիկտոս ԺԶ այդ առթիւ պաշտպանելով կրօնական ազատութիւնը գնահատանք յայտնած էր թագաւորին անոր կատարած դերին ի նպաստ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ինչպէս նաեւ վեր առած էր քրիստոնաեներու կարեւոր դերակատարութիւնը հասարակական կեանքէն ներս։

Քրիստոնեաները Յորդանանի բնակչութեան 5 տոկոսը կը կազմեն։ Անոնցմէ շատերը Յորդանան եկած են Պաղեստինէն եւ Իրագէն: Յորդանանի Թագաւորը մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ Քրիստոնեաներուն ու հերթական հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղական եկեղեցապետերու հետ։

Սրբազան Քահանայապետի եւ Յորդանանի Թագաւորի սոյն հանդիպման ծիրէն ներս քննարկուեցան սուրիոյ եւ եգիպտոսի տագնապալից լարուած իրավիճակը։ Արդարեւ Յորդանանը մեծ մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ տիրող անկայունութեան դիտմամբ որ է նաեւ Վատիկանի մտահոգութիւնը։

Իր գահակալութենէն մինչեւ այսօր Միջին Արեւելքի երկիրներէն ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական այցելութիւն տուած են, բացի Յորդանանի Թագաւորէն, Իսրայելի Նախագահ Շիմոն Բերէսը եւ Լիբանանի Նախագահ Միշել Սուլայմանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.