2013-08-28 10:50:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։500 Երիտասարդներ Վատիկանի Մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ հռչակուած ''Հաւատքի Տարուայ'' առթիւ, Իտալիոյ Բիաչէնցա եւ Պոպիօ թեմերու 500 երիտասարդներ, 27 - 29 օգոստոս, ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ։ Ուխտագնացութեան բնաբանն է ''Այս ժայռին վրայ''։
Ուխտագնազութեան յատագիրի ծիրէն ներս չորեքշաբթի 28 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին եիտասարդ ուխտաւորները հանդիպում կ՛ունենան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ։ Հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուղղուի ապա Հռոմի Սուրբ Օգոստինոսի անուան Եկեղեցի ուր Սուրբ Օգոստինոսի տօնին առթիւ երեկոյեան ժամը 6-ին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Օգոստինեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի բացումը կատարելով։
Յայտնենք որ երէկ առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ ընդունեց Կարտինալական դասի աւագերեց` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն։ Իսկ վաղը 29 օգոստոսի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Ապտալլահ Բ-ի` Յորդանանի Թագաւորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.