2013-08-28 10:50:11

Ֆրանչիսկոս Պապը Օգոստինեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին Բացումը Կը Կատարէ։


Սուրբ Օգոստինոսի տօնին առթիւ, Հռոմի ''Բիացցա Նավոնայ'' հրապարակի մօտ` Սուրբ Օգոստինոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ, չորեքշաբթի 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը բացումը կատարելով Օգոստինեան միաբանութեան միաբանական ընդհանուր ժողովին որ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբերի ամսուայ կէսը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս այցելութիւնը ունի ''առանձնական'' հանգամանք այնպէս ինչպէս պատահած էր երբ Յիսուսեաններու հիմնադիր` Սուրբ Իգնատիոսի տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Պապը այցելած էր Յիսուսի անուան նուիրուած Յիսուսեաններու Հռոմի Եկեղեցին։

Վերոյիշեալ 184 - րդ միաբանական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ինիսուն միաբան հայրեր որոնք պիտի ընտրեն միաբանութեան նոր մեծաւորը որ պիտի յաջորդէ Հայր Րոպէրդ Բրէվոսդին։ Ժողովականները նաեւ պիտի ընգծեն միաբանութեան յառաջիկայ 6 տարիներու գործունէութիւնը։

Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան պաշպան սուրբն է Իբբոնայի եպիսկոպոս` Օգոստինոսը ( 354 - 430)։ Միաբանութիւնը հիմնուած է 1244 թուականին որպէս կէտնպատակ ունենալով ապրիլ եւ զարգացնել առաջին քրիստոնեայ հասարկութիւններու կեանքն ու հոգեւորականութիւնը։ Օգոստինեան միաբանութեան մաս կը կազմեն այրեր ու կիներ որոնք որպէս բնաբան որդեգրած են ''միասնաբար ապրիլ ներդաշնակութեամբ, ու մէկ սիրտ ու մէկ հոգիով ձգտիլ Աստուծոյ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.