2013-08-28 12:27:23

Չաք Հէյկըլ , Ամերիկեան Բանակը Պատրաստ Է Անմիջապէս Գործի Լծուելու, Եթէ Օպամա Սուրիան Հարուածել Հրամայէ


Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է անմիջապէս գործի լծուելու, եթէ Օպամա Սուրիան հարուածել հրամայէ: Ռուսական զինուորական աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արեւմտեան զինուորական որեւէ միջամտութիւն դիւրին յաղթանակ մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ Սուրիա յարձակումները ետ մղելու բաւարար հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ունի:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արեւմտեան ուժերը սուրիական ընդդիմութեան յայտնած են, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ հարուած մը ուղղել կը նախատեսեն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը արեւմտեան ուժերուն Սուրիոյ մէջ թիրախներու ցանկ մը փոխանցած է: Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ արեւմտեան ուժերը ընդդիմադիր ուժերուն յորդորած են հակառակ մօտալուտ զինուորական հարուածին «Ժընեւ-2»-ին պատրաստուիլ:
Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ ափերուն մօտ գտնուող ամերիկեան նաւատորմիղի 4 մարտանաւերը որեւէ հրաման ստանալու պարագային քանի մը ժամէն Սուրիան հարուածելու կազմ ու պատրաստ են եւ անոնք այդ մէկը կատարելու համար յարմար դիրքեր գրաւած են:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական խորհրդարանը հրաւիրեց հինգշաբթի օր արտակարգ նիստի մը` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը: Ամերիկեան աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեցին, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածները սկսին հինգշաբթի օր:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ Օպամա Սուրիան հարուածելու որոշումը պիտի տայ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին: Ուաշինկթընի մէջ պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը կը հաղորդէ, որ հարուածը «խորհրդանշական» պիտի ըլլայ եւ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ պիտի չազդէ, որովհետեւ վարչակարգը տապալելու նպատակ գոյութիւն չունի: «Հիմնական գաղափարը այն է, որ յարձակումը պիտի ըլլայ պատգամ մը եւ ոչ աւելին», նշեց լրագրողը: Յարձակումը պիտի գործուի շրջանային ջուրերուն եւ օդային տարածքներուն դուրսէն` «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով:
Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին հակադարձելուն մէջ իր պարտաւորութիւններէն պիտի չհրաժարի:







All the contents on this site are copyrighted ©.