2013-08-28 11:26:02

Մարթին Լուտէր Քինկի ''Ես երազ մը ունիմ'' Ճառին 50 Ամեակը։


Մարթին Լուտէր Քինկի ''Ես Երազ մը ունիմ'' արտասանած ճառին 50 ամեակի առիթով, 28 օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ կը կատարուին։
Այս առթիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ՝ Պարաք Օպամա հանդիպում կ՛ունենայ Ուաշինկդոնի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւի մասնակիցներուն հետ ինչպէս նաեւ Մարթին Լուտէր Քինկի ընտանիքի անդամներուն հետ։ Օպամա ապա ելոյթ կ՛ունենայ Լինքոլնի յուշարձանի հրապարակի վրայ ուր 50 տարիներ առաջ նոյն վայրէն Մարթին Լուտէր Քինկը արտասանած էր իր հռչակաւոր ճառը որ նկատուած է խտրականութեան դէմ պայքար մղելու շարժումի խորհրդանիշը։
Վերոյիշեալ իր ճառին մէջ, 28 Օգոստոս 1963 թուականին, Մարթին Լութէր Քինկ ըսած էր ''Իմ երազս է որ իմ զաւակներս խաղաղութեան մէջ ապրին. երկրի մը մէջ ուր գնահատուած ըլլան ոչ թէ իրենց մորթի գոյնին համար այլ իրենց մարդկային որակին համար''։
Մարթին Լուտէր Քինկ ծնած էր 15 Յունուար 1929-ին Ճորճիա նահանգի Ադալանդա քաղաքին մէջ ։
Օր մը գործէն տուն վերադարձի ճանապարհին վրայ, ականատես կ՛ըլլայ Ռոզա Պարկս անունով սեւամորթի մը ձերբակալութեան, սպիտակամորթ ուղեւորի մը հանրակառքին մէջ իր տեղը չզիջելու պատճառով։ Ասոր հետեւանքով սեւամորթ հասարակութիւնը, Մարթին Լուտէր Քինկի գլխաւորութեամբ, 382 օրեր ամբողջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց եւ 1956 թուկանանին ԱՄՆ-ի բարձրագոյն դատարանը ընդունեց օրէնք մը, ըստ որուն սեւամորթներուն իրաւունք տրուեցաւ սպիտակամորթներու հետ ճամբորդել։







All the contents on this site are copyrighted ©.