2013-08-28 12:15:36

«Էրտողան Ազհարի Շէյխին Վրայ Գործած Յարձակումէն Ետք Պիտի Տապալի, Եւ Կը Պահանջեմ, Որ Ներում Հայցէ» Կ՛ըսէ Տուպայի Ոստիկանապետը


Տուպայի ոստիկանապետ Տահի Խալֆան քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` անկէ պահանջելով «Ազհարի շէյխէն ներում հայցել, որովհետեւ իր յարձակումը ջիղերը կորսնցուցած ըլլալու եւ Ազհարէն ու անոր անձնաւորութիւններէն անգիտութեան ցուցանիշ է, եւ ան այս յարձակումէն ետք պիտի տապալի»:
Ան նշեց, որ «եթէ Էրտողան Խալիֆայութեան հարցով լուրջ է, ապա թող սկսի անոր տապալման կէտէն. թող թրքական լեզուին մէջ արաբական տառերու օգտագործումը վերականգնէ»:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի Ազհարի շէյխին տրուած զօրակցական այցելութեան մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կրօնական կրթութիւնը սահմանափակ է, սակայն Ազհարի դիրքին վերաբերեալ անոր կատարեալ տգիտութիւնը անակնկալ էր»:
Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին մերժեց Ազհարի շէյխին` Ահմետ Թիպին դէմ Էրտողանի գործած յարձակումը: Թէոդորոս Բ. պապը Ազհարի շէյխին հեռաձայնելով բացարձակապէս մերժեց շէյխին հասցէին Էրտողանի յայտարարութիւնը:
«Ղպտիներ առանց սահմանի» շարժումը իր կարգին կոչ ուղղեց Էրտողանի դէմ կտրուկ քայլեր որդեգրելու:
Եգիպտական «Եոմ Սապեհ» կայքէջը հաղորդեց, որ Ազհարի համալսարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտած է էրտողանի կողմէ Ազհարի շէյխին դէմ կատարուած ցեխարձակումը` նշելով, որ շէյխը ոչ միայն եգիպտացիներուն համար խորհրդանիշ մըն է, այլ նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ մեծ հեղինակութիւն մը:
Համալսարանը Էրտողանէն պահանջեց իր խօսքէն ետդարձ կատարել:
Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր բուռն կերպով դատապարտած էր Էրտողանի արտայայտութիւնը` զայն նկատելով բոլոր իսլամներուն ուղղուած անարգանք մը եւ ամէն չափ ու սահման անցնող դատապարտելի ու մերժելի արարք մը:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահը տուն կանչեց Անգարայի մօտ Եգիպտոսի դեսպանը, իսկ Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը անբաղձալի տարր յայտարարեց:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտնած էր, որ պատմութիւնը պիտի անիծէ Ազհարի շէյխը` Եգիպտոսի մէջ «զինուորական յեղաշրջումին» կողքին կանգնելուն համար:
«Սքայ նիուզ» հաղորդեց, որ Եգիպտոս մերժած է Գահիրէի մէջ իր դեսպանատան անձնակազմը ամրապնդելու Թուրքիոյ դիմումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.