Եգիպտոս բուռն կերպով դատապարտեց իսլամական աշխարհի մեծագոյն հեղինակութիւններէն Ազհարի
շէյխ Ահմետ Թիպի հասցէին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջերս կատարած արտայայտութիւնը`
նշելով, որ անիկա ոչ միայն Եգիպտոսի հասցէին ուղղուած անարգանք մըն է, այլ նաեւ ամբողջ
աշխարհի իսլամներուն եւ ամէն չափ ու սահման անցնող դատապարտելի ու մերժելի արարք մըն
էր: Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտնած էր, որ պատմութիւնը պիտի անիծէ Ազհարի շէյխը` Եգիպտոսի
մէջ «զինուորական յեղաշրջումին» կողքին կանգնելուն համար: