2013-08-26 11:47:40

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը Պահանջէ՝ Եպիսկոպոսներու Առաւել Մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ Կառավարութեան Մէջ։


Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի բանբերը տիկին Սուզաննա Նուին, կաթողիկէ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Պրազիլի մէջ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց՝ եպիսկոպոսներու առաւել մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կառավարութեան մէջ։
Սրբազան Հայրը հիմնուած Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի վաւերաթուղթերու վրայ, որ կեդրոնական տեղ կու տան Աստուծոյ ժողովուրդին, կ'ուզէ մնայուն երկխօսութիւն հաստատել Եկեղեցւոյ մարմնի զանազան անդամներու միջեւ։ Նման մօտեցում մը Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով կը պահանջէ ''հովուական դարձ'' մը իւրաքանչիւր եպիսկոպոսի, քահանայի ու հաւատացեալի։
Իւրաքանչիւր եկեղեցի հրաւիրուած է ՝ վերատեսել իր կառոյցները ու հրաժարիլ այդ կառոյցներէն որ անմիջականօրէն չեն ծառայեր հաւատացեալին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորապէս համոզուած է՝ միասնաբար աշխատելու անհրաժեշտութեան, հաղորդութիւնը ստեղծելու նպատակով Եկեղեցւոյ անդամներու միջեւ։ Ան անսալու մեծ կարողութիւն ունի ու մշտատեւ կը մտահոգուի Աւետարանի ապրումով։ Անոր գնահատումով ընկերային արդարութիւնը Աստուծոյ խօսքին մարմնացումն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.