2013-08-26 11:47:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 26 օգոստոս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին, որ 27 - 31 օգոստոս պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի դէպի Լուրտի սրբավայրը կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը։

Իսկ երէկ Կիրակի 25 օգոստոսի կէսօրին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ ըսաւ` Քրիստոնեայ ըլլալը ''պիտակ'' մը չէ այլ հաւատքի վկայութիւն մը արդարութեան եւ բարեգործութեան գծով։
Ան ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր կը խօսուի ''Փրկութեան ճանապարհի մասին''։ Մինչ Յիսուս կ՛երթար դէպի Երուսաղէմ մէկը հարցուց իրեն. Տէր, արդեօ՞ք միայն քիչեր պիտի փրկուին։ Յիսուս պատասխանեց ''Ջանացէք մտնել նեղ դռնէն, որովհետեւ շատեր պիտի փորձեն մտնել անկէ եւ պիտի չկարենան։
Այս դուռը նոյնինքն Յիսուսն է - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Ան է փկութեան անցքը, Ան է որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Հայրը։ Դուռ մը որ միշտ բաց է, բոլորին համար, նոյնիսկ մեղաւորներուն համար որոնք Յիսուսի ընտրեալներն են, որովհետեւ կը ներէ ու կը սիրէ զանոնք։
Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները չվախնալ Յիսուսի հաւատքի նրբանցքէն մտնելու ու թոյլ տալու որ Ան մուտք գործէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի դուրս գանք մեր եսասիրութենէն եւ ընթանանք դէպի ուրիշները։
Ֆրանչիսկոս Պապը արդ խնդրեց Դուռն Երկնքի` Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզ մտնելու հաւատքի դուռէն եւ թոյլ տալու իր Որդիին որ մեր էութիւնը բարեփոխէ որպէսզի ամէնուրէք տարածուիԱւետարանի ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.