2013-08-26 12:02:17

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան. «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրի 15-ամեակի Փակման Հանդիսութիւն


2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտէն եւ ամավերջի հանդէսներէն ետք, կրթական կարգ մը կառոյցներ հայ մանուկը հայկական միջավայրի մէջ պահելու եւ անոր հոգին թրծելու միտումով ձեռնարկեցին ամառնային եօթը կամ ութ շաբթուան խտացեալ ժամանց-դասաւանդութիւն ծրագիրին: Այս առումով Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը 15 տարիներ առաջ նախաձեռնած էր այս աշխատանքին եւ տարիներու յաջողութիւնը երաշխիք էր, որ այս աշխատանքին գոյատեւումը անառարկելի է, իսկ արդիւնքը` գնահատելի:
Հրաւիրեալներու, ծնողներու եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի 15-ամեակի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 24 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մանսուրիէի «Սփլաշ լանտ» լողաւազանին շուրջ:
Արդարեւ, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Ովասիս»-ի 216 աշակերտները կատարեցին բացման պարը` «Սէ լա վի» երգի եղանակին կշռոյթով: Տեղին է նշել, որ 46 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ օգնականներու հսկողութեամբ աշակերտները ըստ տարիքի բաժանումին կը կրէին արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն` Դուին, Անի, Սիս, Սասուն, Վան, Մուշ եւ ներկայ Հայաստանի քաղաքներուն ու շրջաններուն Երեւան, Լոռի, Գառնի եւ Արցախ անունները:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ովասիս»-ի գլխաւոր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան: Ան հակիրճ պատմական ակնարկ կատարելէ ետք ըսաւ, որ այս աշխատանքը իրականացաւ տնօրէնութեան եւ անձնակազմի համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ «Ովասիս»-ի բարեկամներու քաջալերանքով: Ան իր խօսքը եզրափակեց եւ ըսաւ, որ «Ովասիս»-ը մանուկներու մեծ աշխարհ եւ մանուկներու իտէալ աշխարհ է:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան, որ միաժամանակ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդավարն է, մեծ հմտութեամբ, գնահատական խօսքերով հրաւիրեց իւրաքանչիւր խումբ, որ ներկայացնէ իր սորված պարը: Յաջորդաբար ներկայացուեցան հայկական, արաբական, եւրոպական եւ հնդկական պարեր, ուր աշակերտները իրենց գեղեցիկ ժպիտներով եւ շարժումներով հոգեկան բերկրանքի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն: Գլխաւորութեամբ պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի եւ Դալար Զոմճեանի, աշակերտները կարգապահութեամբ եւ իրենց դաստիարակներուն հսկողութեամբ լողաւազանին մէջ պարեցին գրեթէ անթերրի կերպով:
«Ովասիս»-ի 15-ամեակին առիթով դպրոցի երաժշտութեան ուսուցիչ Մանուէլ Քէշիշեանի հեղինակութեամբ եւ դաշնաւորումով աշակերտները երգեցին «Ովասիս 15 տարեկան» երգը: Փակման պարին մասնակցեցան բոլոր աշակերտները եւ իրենց հագուստներով կազմեցին Եռագոյնը:
Մարտարուեստի ներկայացումներ ալ տեղի ունեցան «Ովասիս»-ի զանազան խումբերու աշակերտներուն կողմէ` քոնկ ֆուի մարզիչ Յարութ Վարդանեանի հսկողութեամբ:
Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ փակման խօսքին մէջ ըսաւ, որ շնորհիւ այս սերունդին պիտի ազատագրենք Մեծ Մասիսը, Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վստահեցան «Ովասիս»-ի առաքելութեան: Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «ովասիս»-ականներուն, որոնք շատ գեղեցիկ կերպով ներկայացուցին յայտագիրը: Ան նշելէ ետք «Ովասիս»-ի նուաճումները յայտնեց, որ 216 աշակերտները զանազան միջավայրերէ եկած են, բայց զիրենք միացնողը ինքնութիւնն է, հայութիւնն է: Կ. Գալուստ լուսարձակի տակ առաւ նաեւ «Ովասիս»-ի յաջողութիւնը: Ան ըսաւ, որ այս ծրագիրին յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ անձնակազմի անդուլ աշխատանքին, սիրոյ եւ նուիրումին մէջ: Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր արուեստագէտներուն եւ անձնակազմին ան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարի պիտի բացուի 14 տարեկաններու համար յատուկ դասարան եւ բանակում ալ պիտի կազմակերպուի:
Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:







All the contents on this site are copyrighted ©.