2013-08-24 10:13:09

Լիբանանի Թրիփոլի Քաղաքին Մէջ Երկու Պայթում Բազմաթիւ Զոհեր եւ Վիրաւորներ Պատճառած է


Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ Օգոստոսս 23-ի տեղական ժամով 13:45-ին տեղի ունեցած են երկու պայթում, առաջինը տեղի ունեցած է Թաքուա մզկիթին առջեւ` Ուրբաթ օրուան նամազէն ետք‚ իսկ երկրորդը Սալամ մզկիթին առջեւ, պայթենուած են ականուած երկու մեքենաներ։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։
Վերջին տուեալներով պայթումներու հետեւանքով մահացած է 42 եւ վիրաւորուած է 358 մարդ։
Աղբիւրին համաձայն քաղաքի երկինքը պատուած է սեւ ծուխով
Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններով տեղի ունեցած ականահարումներուն պատճառով՝ հայ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.