2013-08-24 10:24:00

Լաւրով Եւ Քերրի Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Շուրջ «Առարկայական Հետաքննութիւն» Մը Կ՛ուզեն


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերող տեղեկութեանց շուրջ «առարկայական հետաքննութիւն մը» եւ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն դէպի դէպքին վայրը ուղղուելու «ապահով» անցք մը կ՛ուզեն:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լաւրով եւ Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ներկայիս Սուրիոյ մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու առաքելութեան եւ Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ քիմիական զէնքով յարձակումի հարցերուն նկատմամբ հասարակաց հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբին եզրակացութիւնները կանխելով վճիռներ չարձակելու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ սուրիական վարչակարգի ուժերուն կողմէ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքով կատարուած յարձակումին մասին լուրերը «յստակօրէն» կ՛ակնարկեն «մեծ դէպքի մը, որ մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ ըստ իրեն, քիմիական զէնքերու օգտագործման վարկածը կրնայ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին գումարումը արագացնել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն դէպի դէպքի վայր ուղղուելու ապահով անցք մը երաշխաւորեն: Ան նաեւ սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբին հետ գործակցելու:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումը մարդկութեան դէմ ոճիր եւ միջազգային օրէնքներու խախտում կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ զէնքերու օգտագործման հաստատումը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» հաղորդեց, որ Պան Քի Մուն յայտարարած է, որ «Ժընեւ-2»-ի նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են` թեքնիք եւ գումակային տեսանկիւնէն, ատոր կայացման համար անհրաժեշտ է միայն սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան մասնակցութեան հաստատումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.